Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Նախագահը Մասնակցած Է Տաւոսի Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովի Բացման

Հայաստանի Նախագահը Մասնակցած Է Տաւոսի Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովի Բացման

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Զուիցերիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը  մասնակցած է Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովի բացման, որ այս տարի նուիրուած է «Պատմութիւնը շրջադարձային կէտին. Կառավարութիւններու քաղաքականութիւնը եւ առեւտրային ռազմավարութիւնները» թեմային:

Համաժողովի ընթացքին կը քննարկուին անվտանգութեան եւ հրատապ մարդասիրական խնդիրները, համաճարակէն յետոյ տնտեսութեան վերականգնումը, կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը եւ չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան արհեստագիտութիւններու կիրառումը: Քովիտի համաճարակին պատճառով յառաջացած երկամեայ ընդմիջումէն յետոյ համաժողովը առաջին անգամ կը կայացուի ոչ-առցանց ձեւաչափով:

Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովի քննարկումներուն կը մասնակցին կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, գործարար համայնքի աւելի քան 2000 ներկայացուցիչներ, այդ շարքին` 50 պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ:

Տաւոսի համաժողովի ծիրին մէջ կը նախատեսուին նախագահին շարք մը երկկողմ եւ բազմակողմ հանդիպումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment