Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Եւ Լաւրով Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Հարցերով Յանձնաժողովի Ձեւաւորման Առնչուող Հարցեր

Միրզոյեան Եւ Լաւրով Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Հարցերով Յանձնաժողովի Ձեւաւորման Առնչուող Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան, Մայիս 23-ին,  հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու իրականացման ընթացքին:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն ղեկավարները քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ձեւաւորման առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական կապերու եւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման:

Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի դիրքորոշումը` տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:

Քննարկուած են նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր, միտքեր փոխանակուած են դաշնակցային յարաբերութիւններու աւելի ամրապնդման ուղղուած քայլերուն շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment