Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմադրութեան «Հուժկու» Հանրահաւաքին Մասնակցած Է 12,500 Հոգի

Ընդդիմադրութեան «Հուժկու» Հանրահաւաքին Մասնակցած Է 12,500 Հոգի

by MassisPost

Հայաստանի ընդդիմադրութեան խոստացած` «Հուժկու» հանրահաւաքը, որ կոչուած էր բեկումնային իրադարձութիւն դառնալ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու ճանապարհին, տեղի ունեցաւ Մայիս 1-ին։ Նախ կը խօսուեր Երեւանի կեդրոնական՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ համախմբումի մասին, ապա այն տեղափոխուեցաւ Ազատութեան հրապարակ, վերջաւորութեան կանգ առնելով Ֆրանսայի հրապարակին վրայ։

Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորումը, որ նման հանրահաւաքներու մասնակցութեան քանակի մասին ամենէն հաւաստի տեղեկութիւնը հրապարակող կազմակերպութիւնը կը նկատուի, Կիրակի օրուայ ցոյցին ներկաներու թիւը կը գնահատէ 12,500 հոգի։

«Այսօր` մայիսի 1-ին, ընդդիմադիր «դիմադրութիւն» շարժումը 16:00-ից հանրահաւաք էր իրականացնում Երեւանի Ֆրանսիայի հրապարակում: Իրազեկ Քաղաքացիների Միաւորումն աերոնկարահանման միջոցով իրականացրել է հանրահաւաքի մասնակիցների հաշուարկ, որի արդիւնքում պարզուել է, որ 16:48-ի դրութեամբ Ֆրանսիայի հրապարակում եւ յարակից տարածքներում գտնուել է շուրջ 12,500 մարդ:

«Հարկ է նշել, որ հանրահաւաքի որոշ մասնակիցներ, հաւանաբար, տեսանելի չեն` ծառերի սաղարտների տակ գտնուելու պատճառով: Հաշուարկն իրականացուել է մասնակիցների անհատական հաշուարկի միջոցով», ըսուած է կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցողները դարձեալ քննադատած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարած՝ Արցախի հարցով «պարտուողական» քաղաքականութիւնը, զինք մեղադրելով «դաւաճանութեան» մէջ։

Հանրահաւաքի աւարտին ընդդիմադիր ցուցարարները վրաներ լարելով խոստացած են գիշերել այդտեղ, մինչեւ որ իրականանան իրենց պահանջները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment