Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Կ’այցելէ Հնդկաստան

Արարատ Միրզոյեան Կ’այցելէ Հնդկաստան

by MassisPost

«Raisina Dialogue» համաժողովին մասնակցելու նպատակով Նիւ Տելհիի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ապրիլ 25-ին, հանդիպում ունեցած է Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարար Սուպրամանեամ Ճայշանքարի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են 2021-ի աշնան Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարարին` Հայաստան կատարած այցին շնորհիւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը: Անդրադարձ կատարուած է տեղեկատուական արհեհստագիտութիւններու, օդային փոխադրութեան, կրթութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հեռանկարներուն: Կողմերը ընդգծած են անցեալ ամիսներուն կատարուած աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը  եւ երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են հետեւողականօրէն շարունակելու փոխգործակցութեան խորացումը:

Արարատ Միրզոյեան շեշտած է, որ Հնդկաստան կ’այցելէ Հայաստանի գործարար եւ ներդրումային շրջանակներու ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ, որոնց հանդիպումները իրենց հնդիկ գործընկերներուն հետ յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ մեծ ներուժ ունեցող հայ-հնդկական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման համար:

Հայկական կողմը ներկայացուցած է հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ  ստեղծուած իրավիճակը եւ Հայաստանի դիրքորոշումը` տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած գործընթացներուն, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ: Նախարար Միրզոյեան գոհունակութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Հնդկաստանի դիրքորոշման նկատմամբ: Ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերը խաղաղ գործընթացի յառաջմղման գործին մէջ:

Նախարար Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին զարգացումները:

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը վերահաստատած է Հայաստանի աջակցութիւնը Հնդկաստանին` Ճամմուի եւ Քաշմիրի հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment