Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կոմիտասի Պողոտան Փակած Ցուցարարները Հանդիպեցան Վարորդներու Ընդվզման Ու Ցրուեցան

Կոմիտասի Պողոտան Փակած Ցուցարարները Հանդիպեցան Վարորդներու Ընդվզման Ու Ցրուեցան

by MassisPost

Գործող իշխանութիւններուն հրաժարականը պահանջող ընդդիմութիւնը Երկուշաբթի օրուընէ յայտարարած է աշխոյժ գործողութիւններու մեկնարկի մասին: Իջեւանէն խումբ մը քաղաքացիներ քալելով շարժած են դէպի Երեւան:

Երեւանի մէջ ալ խումբ մը երիտասարդներ փակած էին Կոմիտասի պողոտան, բարձրացած էին հասարակական փոխադրակառքի տանիքը: Քանի մը վայրկեան տեւած բողոքի շարժումի ընթացքին աքթիւիսթները հանդիպեցան ոչ միայն ոստիկանութեան, այլեւ` վարորդներու ընդվզման: Ի վերջոյ, աքթիւիսթները դադրեցուցին բողոքի շարժումը եւ նաեւ ոստիկաններու միջամտութեան շնորհիւ փողոցը բացուեցաւ, իսկ քանի մը աքթիւիսթներ բերման ենթարկուեցան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment