Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱԿ-ը Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Աջակից Է, Բայց Դժուար Է Փաշինեանէն Դրական Արդիւնք Ակնկալել, Պնդած Է Զուրաբեան

ՀԱԿ-ը Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Աջակից Է, Բայց Դժուար Է Փաշինեանէն Դրական Արդիւնք Ակնկալել, Պնդած Է Զուրաբեան

by MassisPost

Հայ ազգային քոնկրէսը (ՀԱԿ) միշտ եղած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակից, որովհետեւ Հայաստանի անվտանգութեան եւ զարգացման հիմնարար երաշխիքներէն մէկն է համարել բոլոր հարեւան երկիրներու հետ բարիդրացիական համագործակցային յարաբերութիւններու ստեղծումը։ «Ազատութիւն»ի «Կիրակնօրեայ վերլուծական Հրայր Թամրազեանի հետ» հաղորդման ժամանակ այդ մասին ըսաւ ՀԱԿ փոխնախագահ՝ Լեւոն Զուրաբեան՝ աւելցնելով․ – «Փաշինեանի կառավարութեան ջանքերը այդ ուղղութեամբ, սակայն, շատ հակասական վերաբերմունքի են արժանի»։

«Մի կողմից, ի հարկէ, լաւ է, որ վերջապէս իրագործւում է այն, ինչի մասին միշտ խօսել ենք՝ որ Թուրքիոյ հետ անհրաժեշտ է խօսել, բանակցել՝ անկախ նրանից, թէ ինչքան հակամարտային են մեր յարաբերութիւնները, ընդ որում՝ խօսել ուղիղ, յատուկ լիազօրուած ներկայացուցիչների միջոցով։ Միւս կողմից՝ շատ լաւ տեսնելով, թէ Նիկոլ Փաշինեանը ու նրա թիմը ինչքան անընդունակ եւ ձախողակ են միջազգային քաղաքականութիւնը վերլուծելու, աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները հասկանալու, արտաքին քաղաքական իրատեսական նպատակներ ձեւակերպելու եւ որոշուած ուղղութեամբ հետեւողական դիւանագիտական աշխատանքներ իրականացնելու հարցում, շատ դժուար է նրանց աշխատանքից դրական արդիւնքներ ակնկալելը»։

Ընդդիմադիր գործիչը յիշեցուց «ԵԱՀԿ Մինսքի խմբում նրանց վարած բանակցութիւնները, իսկ աւելի ճիշդ կը լինի ասել՝ չվարած բանակցութիւնները, որոնց խայտառակ ձախողումը Հայաստանի կողմից բերեց նրան, որ մենք բաց թողեցինք մեր ձեռքում ամբողջ Ղարաբաղը՝ Լաչինով ու Քելբաջարով հանդերձ, տէ ֆաքթօ անկախ պահելու հնարաւորութիւնը, եւ ունեցանք մարդկային կեանքի եւ ազգային արժանապատուութեան աղէտալի կորուստներ», «միջազգային քաղաքականութեան մէջ որեւէ նշանակութիւն չունեցող, բայց Թուրքիոյ զգացմունքային հակադարձը առաջացնող Սեւրի մեռելածին այդ պայմանագրի յիշատակումը»։ Այդ ամէնը, ըստ Զուրաբեանի, ցոյց կու տայ, որ «մեր այսօրուայ իշխանութիւնները իրական քաղաքականութիւնից բան չեն հասկանում եւ անգամ հեռաւոր պատկերացում չունեն իրենց նմանատիպ դիրքորոշումների ծանր քաղաքական հետեւանքների մասին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment