Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեան Մեղադրեալ Ներգրաւուած Է Այս Անգամ Կաշառքի Գործով

Սերժ Սարգսեան Մեղադրեալ Ներգրաւուած Է Այս Անգամ Կաշառքի Գործով

by MassisPost

Վառելանիւթի գործով արդէն 2 տարի մեղադրեալի կարգավիճակ ունեցող երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան մեղադրեալ ներգրաւուած է եւս մէկ այլ՝ այս անգամ կաշառքի գործով։ Ասիկա գործարար Սիլվա Համբարձումեանի բողոքի հիման վրայ երեք տարի առաջ յարուցուած քրէական գործն է, որով կը մեղադրուին երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր աշխատակազմի նախկին ղեկավար, այժմ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Արմէն Գէորգեանը, ինչպէս նաեւ Քոչարեանի մտերիմ, գործարար՝ Սամուէլ Մայրապետեանը:

Գործը քննող Հակաքորուփցիոն կոմիտէէն մանրամասնութիւներ չյայտնեցին «Ազատութիւն»ին, միայն հաղորդեցին, որ երրորդ նախագահը մեղադրեալ ներգրաւած են ու այսօր կանչած հարցաքննութեան։ Սերժ Սարգսեանի պաշտպան՝ Ամրամ Մակինեան, իր հերթին, «Ազատութիւն»ին հաղորդեց, որ խօսքը գործարար՝ Սիլվա Համբարձումեանի բողոքի մասին է։ Յեղափոխութենէն յետոյ գործարարը յայտարարած էր, որ 2008-ին հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու համար բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կաշառք տուած է ։

«Այդ ծանուցագիրը, որ տրուել է ինձ, դրանից ես կարողանում եմ հասկանալ, որ այս անհեթեթութիւնը վերաբերում է Սիլվա Համբարձումեան անուն-ազգանունով անձնաւորութեան հաղորդման առթիւ ինչ-որ քրէական գործի: Այն ենթադրեալ հարցերը, որոնք կարող են տրուել պարոն նախագահին, այդ հարցերի պատասխանները դեռեւս երկու տարի առաջ տրուել եւ ստացուել են:

Այո, հարցաքննուել է վկայի դատավարական կարգավիճակով, եւ ոչինչ չի փոխուել իրենց քրէական գործում, քանի որ իրենք այս գործը աւարտել ու ուղարկել են դատարան: Թէ հիմա ինչ քաղաքական կամ այլ նպատակայարմարութիւններից ելնելով որոշուեց, որ այսօր պէտք է դատավարական այսպիսի անհեթեթ որոշում կայացուի, կարծում եմ` այդ հարցի պատասխանը շատ մօտ ապագայում բոլորին պարզ կը լինի», – ըսաւ պաշտպանը:

Երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանը մինչ այժմ դատարանի առջեւ կանգնած է միայն վառելանիւթի գործով, ան կը մեղադրուի մօտ կէս միլիառ դրամ գումարի յափշտակութիւնը կազմակերպելու համար, մեղադրանքը չ’ընդունիր։ Արդէն մէկ տարիէն աւելի է, որ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս այս գործով դատավարութիւն կ’ընթանայ։

Անցեալ ամիս ալ քրէական գործ յարուցուած էր Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման ընթացքին Պատեն-Պատեն կատարած թռիչքներու գործով։ Պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման յօդուածով քրէական գործով Սարգսեան մեղադրեալի կարգավիճակ չունի։ «Փաստերու ստուգման հարթակի» հետաքննութիւնը դրուած էր այս քրէական գործի հիմքին, ըստ որու նախագահական օդանաւը 2008-2017 թուականներու ընթացքին բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու կազմակերպմամբ շահագործուած եւ առանց ծառայողական անհրաժեշտութեան պետական միջոցներու հաշւոյն կատարած է տասնեակէն աւելի թռիչքներ դէպի գերմանական թանկարժէք հանգստավայր Պատեն-Պատեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment