Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Հետաքրքրուած Է Ռուսական Նորագոյն К-52М Եւ Mi-28NE Հարուածային Ուղղաթիռներու Ձեռքբերումով. ԹԱՍՍ

Հայաստանը Հետաքրքրուած Է Ռուսական Նորագոյն К-52М Եւ Mi-28NE Հարուածային Ուղղաթիռներու Ձեռքբերումով. ԹԱՍՍ

by MassisPost

Հայաստանը հետաքրրքուած է ռուսական նորագոյն К-52М (Superaligator) եւ Mi-28NE (Night Hunter) հարուածային ուղղաթիռներու ձեռքբերմամբ: Այս մասին ռուսաստանեան ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Vertolety Rossii» ընկերութեան ղեկավար՝ Անտրէյ Պոկինսքին։

Անոր խօսքով` Նոյեմբեր 14-18-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տեղի ունեցած միջազգային Dubai Airshow-ին` Տուպայի օդագնացութեան ցուցադրութեան ժամանակ Հայաստանի, Ղազախստանի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցիչները հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են նշուած ուղղաթիռներու ձեռքբերման ուղղութեամբ։ «Rosoboronexport-ի գործընկերները աշխուժօրէն կ’աշխատին (մեր այդ ուղղաթիռներուն) առաջ մղման ուղղութեամբ, եւ մենք բաւարարուած ենք անոնց ունեցած արդիւնքներով»,- ընդգծած է Պոկինսքին։

Այս Օգոստոսին Մոսկուա կայացած Բանակ-2021 ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Հայաստանը սպառազինութեան մատակարարման պայմանագիր կնքած էր ռուսաստանեան ընկերութիւններուն հետ եւ յայտնած էր Ռուսաստանի Ռազմաարդիւնաբերական համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկաեւը՝ առանց մանրամասնութիւններ նշելու։

Շուկաեւի յայտարարութեան նախօրէին՝ Օգոստոս 24-ին, այդ ցուցահանդէսին մասնակցելէ եւ ռուսաստանեան ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպելէն յետոյ Հայաստանի այդ ժամանակուայ պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեան ընդգծած էր, որ Հայաստանը հրաժարած է հին սպառազինութիւն ձեռք բերելէ եւ կը ծրագրէ գնել նոր եւ որակեալ սպառազինութիւն:

Աւելի վաղ՝ այս Օգոստոս 11-ին Մոսկուա կայացած Ռուսաստանի ու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպման, ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան, Սերկէյ Շոյկուն Արշակ Կարապետեանին դաշոյն նուիրած էր ըսելով. «Կրնանք համարել, որ Հայաստանին սպառազինութեան մատակարարման գործընթացը մեկնարկած է»:

2022-ին Հայաստանի պետական պիւտճէով կը նախատեսուի Պաշտպանութեան նախարարութեան յատկացնել 345.4 միլիառ դրամ կամ այսօրուայ փոխարժէքով աւելի քան 707 միլիոն տոլար, ինչ որ 10.8 տոկոսով աւելի է ռազմական գերատեսչութեան այս տարուայ ծախսերէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment