Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ծանր Վիրաւորանքի Մասին Յօդուածը Վիրաւորանքի Մասին Չէ, Freedom House-Ը Մոլորեցուցած Են». Իշխանական Պատգամաւոր

«Ծանր Վիրաւորանքի Մասին Յօդուածը Վիրաւորանքի Մասին Չէ, Freedom House-Ը Մոլորեցուցած Են». Իշխանական Պատգամաւոր

by MassisPost

Միջազգային Freedom House կազմակերպութիւնը Հայաստանի իշխանութեան կոչ ըրած է դադրեցնել Քրէական օրէնսգրքի «Ծանր վիրաւորանք հասցնելու մասին» յօդուածի կիրառումը։

Փաշինեանի իշխանութիւնը այս փոփոխութիւնը ընդունեց երկու ամիս առաջ։ Առաջին քրէական գործը յարուցուեցաւ մէկ շաբաթ առաջ վարչապետի հասցէին վիրաւորական գրառում ընելու համար։ Դիմատետրեան օգտատէրը գրառումը ըրած է վարչապետի նկարին կից։

Սա խօսքի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան յետընթաց կը խորհրդանշէ, արձանագրած է միջազգային կազմակերպութիւնը։

Իշխանական պատգամաւորները համաձայն չեն։ Աւելին՝ պնդած են, որ այս օրէնսդրական փոփոխութեամբ երկրին մէջ կը կարգաւորուի խօսքի ազատութիւնը։

Պատգամաւոր՝ Զարուհի Բաթոյեան, օրէնքի կիրառման կողմ է, քանի որ ինքն ալ ընկերային հարթակներով կը յայտնուի վիրաւորանքի ու հայհոյանքի թիրախի կեդրոն։

«Գուցէ սա ժամանակաւոր լուծում պէտք է լինի, բայց այս պահին դրա կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնը, կայ եւ դա է փաստում նաեւ մեր հասարակական կեանքը, այսինքն՝ մարդիկ, քաղաքացիները, այն ամէնը, ինչին մենք ականատես ենք լինում: Մեր խմբակցութիւնը այդպէս համարել է, եթէ օրէնքը ընդունուել է, ուրեմն այդպէս ճիշդ է համարուել», – ըսաւ Բաթոյեան:

Ծանր վիրաւորանքը քրէականացնելու նախագիծի համահեղինակ՝ Վահագն Յովակիմեան կը կասկածի, որ հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը ճիշդ հասկցած է յօդուածի բովանդակութիւնը։ Նախ, ըսած է, վիրաւորանքը չեն քրէականացուցած, այլ հայհոյանքը, իսկ Freedom House-ի զեկոյցով վիրաւորանք եզրոյթն է։

«Freedom House-ը խօսում է վիրաւորանքը քրէականացնելու մասին, Հայաստանի Հանրապետութիւնում վիրաւորանքը չի քրէականացուել, որովհետեւ վիրաւորանքը քաղաքացիաիրաւական հարթութեան վէճ է», – ընդգծեց Յովակիմեան:

Վահագն Յովակիմեան բացատրած է, թէ ինչի մասին է յօդուածը: Ժողովրդավարութեան յետընթաց չի նկատեր։ Նախկին լրագրողը պնդած է, որ այս օրէնքը կ’ողջունէր, եթէ նոյնիսկ այն ընդունուեր նախկին իշխանութիւններու օրօք. «Եթէ Սերժ Սարգսեանի օրօք հայհոյանք, անձի արժանապատուութիւնը նուաստացնելը քրէականացուեր, ես կ’ողջունէի»:

Հարցին թէ օրէնքի կիրառումը դադրեցնելու միջազգային կազմակերպութեան յորդորը կը քննարկե՞ն խմբակցութենէն ներս, Յովակիմեան պատասխանեց,- «Ես ցաւում եմ Freedom House-ի յորդորում սխալ տեղ գտնելու համար, որովհետեւ տուեալ դէպքում միջազգային կազմակերպութեանը մոլորութեան մէջ են գցել, որովհետեւ Հայաստանում քրէականացուել է հայհոյանքը, անձի արժանապատուութիւնը նուաստացնելը», – պատասխանեց Յովակիմեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment