Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենենտըսի Հարցերուն Ի Պատասխան՝ Թուրքիոյ Մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուն Խոստացած Է Վերահաստատել Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Մենենտըսի Հարցերուն Ի Պատասխան՝ Թուրքիոյ Մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուն Խոստացած Է Վերահաստատել Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

by MassisPost

Սեպտեմբեր 28-ի հաստատման լսումներու ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ՝ Ռոպերթ Մենենտըսը ճնշում գործադրած է նախկին ծերակուտական, Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ-ի յաջորդ դեսպանի թեկնածու՝ Ճէֆ Ֆլէյքի վրայ՝ նախագահ՝ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հաստատման ֆոնին Թուրքիոյ շարունակական ժխտողականութեան վերաբերեալ, հաղորդած է Ամերիկայի Հայկական համագումարը:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ Նիու Ճըրսի նահանգէն դեմոկրատ ծերակուտական՝ Մենենտըսը յայտարարած է․ – «Երկար տասնամեակներ շարունակ Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքուած է զայն իրագործողներու ժառանգներուն կողմէ: 2019 թուականին Սենատը առաջին անգամ ճանաչեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս տարուայ Ապրիլին՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը, նախագահ՝ Պայտըն միացաւ մեզի՝ ճանաչելով այս ճշմարտութիւնը: Նախապէս դուք դէմ քուէարկած էք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւերուն: Դուք կը միանա՞ք այս կառոյցին ու վարչակազմին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերահաստատելու գործով»:

Հանրապետական նախկին ծերակուտական՝ Ֆլէյքը պատասխանած է. – «Այո»:

Մենենտըսի միւս հարցին՝ «Եթէ ձեր թեկնածութիւնը հաստատուի, կը կրկնէ՞ք այդ յանձնառութիւնը Ապրիլ 24-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը», Ճէֆ Ֆլէյքը պատասխանած է. – «Ես կ’ընեմ»:

Բացի այդ, յանձնաժողովի նախագահը, իր գործընկերներուն հետ միասին, շարք մը մտահոգութիւններ յայտնած է ռուսական արտադրութեան S-400 (C-400) հակաօդային համալիրներ գնելու Թուրքիոյ շարունակական մտադրութիւններու վերաբերեալ, ինչ որ ռազմական վերլուծաբանները սահմանած են որպէս ՆԱԹՕ-ի եւ ԱՄՆ-ի անվտանգութեան համար վտանգ պարունակող: Անոնք նաեւ հարցեր բարձրաձայնած են Թուրքիոյ կողմէ մարդու իրաւունքներու եւ մամլոյ ազատութեան նկատմամբ յարգանքի ակնյայտ բացակայութեան վերաբերեալ:

«Հաշուի առնելով Թուրքիոյ կողմէ ռուսական սպառազինութիւններու շարունակական հետապնդումը եւ անոր վերաբերեալ ՆԱԹՕ-ի բացասական վերաբերմունքի նկատմամբ արհամարհանքը, երկկուսակցական հիմքով ընդգծուեցաւ Պատժամիջոցներու միջոցով ԱՄՆ-ի հակառակորդները հակազդելու աքթի (CAATSA) հաստատման կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ։

Դեմոկրատական կուսակցութենէն ծերակուտական՝ Քրիս Վան Հոլընը մտահոգութիւններ յայտնած է, որ «նախագահ Էրտողան շեղած է Թուրքիան ուղիէն եւ սխալ ուղղութեամբ տարած է՝ թէ՛ ընդհանուր ՆԱԹՕ-ի յանձնառութիւններու, թէ՛ տարածաշրջանին մէջ այլ նենգ գործողութիւններու, թէ՛ սեփական պետութեան ներսը մարդու իրաւունքներու ոտնահարման ոլորտներուն մէջ… Մենք նաեւ տեսած ենք, որ ան կ’օգնէ եւ կ’աջակցի Հայաստանի դէմ յարձակումներուն»:

Իր գրաւոր վկայութեան մէջ Ֆլէյք յայտարարած է. – «Եթէ իմ թեկնածութիւնը հաստատուի, ես կը խրախուսեմ Թուրքիոյ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կայուն, երկարաժամկէտ լուծում գտնելու ջանքերուն եւ կը խրախուսեմ խաղաղ ու դիւանագիտական լուծումներ Արեւելեան Միջերկրականի տարաձայնութիւններուն»:

Ամերիկայի Հայկական համագումարը ողջունած է «Մենենտըսի նուիրուածութիւնը մարդու իրաւունքներուն, ժողովրդավարական արժէքներուն եւ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հաստատման կարեւորութեան»: «Բացի այդ, ԱՄՆ-ի համար չափազանց կարեւոր է շարունակել աջակցիլ հայ ժողովուրդին՝ Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն բխող շարունակական յարձակողական եւ սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ», – աւելցուցած է Համագումարի գործադիր տնօրէն՝ Պրայեան Արտունին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment