Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սոչի Մէջ Կայացած է Ռուս-Թրքական Բանակցութիւններ

Սոչի Մէջ Կայացած է Ռուս-Թրքական Բանակցութիւններ

by MassisPost

Սոչիի մէջ աւարտած են գրեթէ երեք ժամ տեւած ռուս-թրքական բանակցութիւնները: Փութին-Էրտողան հանդիպման օրակարգին վրայ էին ոչ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ Սուրիոյ վերաբերող հարցեր, այլեւ յետպատերազմեան իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ։

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը ճանապարհելէ ետք, Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին ըսած է, թէ բանակցութիւնները շատ արդիւնաւէտ էին եւ բովանդակալից:

Այցելութենէն առաջ Էրտողան հրապարակաւ նշած էր, որ մտադիր է Փութինի հետ քննարկել հայ-թրքական յարաբերութիւններու հնարաւոր կարգաւորումը՝ ընդգծելով, որ առաջընթացի համար Հայաստանը պէտք է տեսանելի քայլեր ձեռնարկէ «Զանգեզուրեան միջանցքի» բացման ուղղութեամբ։

Ընդունելով հիւրը՝ Ռուսաստանի նախագահ, ի դէպ, չէ արտաբերած Լեռնային Ղարաբաղի անունը։ Խօսելով Աղդամի մէջ տեղակայուած, հրադադարի պահպանման հետեւող ռուս-թրքական մշտադիտարկման կեդրոնի մասին՝ մասնաւորապէս, Վլատիմիր Փութին զայն ներկայացուցած է որպէս կեդրոն, որ տեղակայուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին։

«Արդիւնաւէտ ձեւով կը գործէ կրակի դադրեցման վերահսկման ռուս-թրքական կեդրոնը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին», – ըսած է Փութինը։

Փութինը Էրտողանի հետ հանդիպման յայտարարած է, թէ այդ կեդրոնի աշխոյժ գործունէութիւնը կայունութեան եւ հակամարտող կողմերու հնարաւոր հաշտեցման լրջագոյն երաշխիք է:

Թուրքիոյ նախագահի հետ հանդիպումը սկսած ատեն Ռուսաստանի նախագահը ընդգծած էր, թէ երկկողմանի բանակցութիւնները երբեմն բարդ կ’ընթանան, սակայն միշտ կը յաջողուի դրական լուծումներ գտնել։ «Բանակցութիւնները հեշտ պիտի չըլլան, բայց հաստատ՝ դրական արդիւնքով։ Կառոյցները սորված են գտնել փոխզիջումային տարբերակներ», – ըսած է Փութինը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment