Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանը եւ Լը Տրիան Կարեւորած Են ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան Ծիրէն Ներս Ղարաբաղեան Գործընթացի Վերսկսումը

Միրզոյեանը եւ Լը Տրիան Կարեւորած Են ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան Ծիրէն Ներս Ղարաբաղեան Գործընթացի Վերսկսումը

by MassisPost

Սեպտեմբեր 23-ին Նիու Եորք կայացած հանդիպման ժամանակ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանը եւ Ժան-Իվ Լը Տրիանը քննարկած են 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրները եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Միրզոյեան առանձնայատուկ կարեւորած է Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ հայրենադարձումը։

Երկուստեք կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։

Կողմերը քննարկած են հայ-ֆրանսական առաձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն եւ տարբեր ոլորտներու փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման ու խորացման վերաբերող հարցեր, նշուած է հաղորդագրութեամբ։

Արարատ Միրզոյեան, որ սեպտեմբեր 21-ին մեկնած էր Նիու Եորք՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով, շարք մը այլ երկիրներու պաշտօնակիցներու հետ եւս հանդիպումներ ունեցած է ։

Կը նախատեսուի Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի հանդիպումը նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment