Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վարչապետի Լուսանկարի Տակ Վիրաւորական Մեկնաբանութիւն Գրելու Համար Քրէական Գործ Յարուցուած Է

Վարչապետի Լուսանկարի Տակ Վիրաւորական Մեկնաբանութիւն Գրելու Համար Քրէական Գործ Յարուցուած Է

by MassisPost

Հայաստանի իրաւապահ մարմինները քրէական գործ յարուցած են Դիմատետրի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լուսանկարին տակ վիրաւորական մեկնաբանութիւն գրելու համար: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած են Հայաստանի ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն:

«Յարուցուել է քրէական գործ 137.1 յօդուածով՝ «Մարդուն ծանր վիրաւորանք հասցնելը՝ նրա հասարակական գործունէութեամբ պայմանաւորուած», – հաղորդած են Ոստիկանութենէն:

Իրաւապահ մարմինները միջոցներ կը ձեռնարկեն մեկնաբանութեան հեղինակի ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ:

Նախորդ Ազգային ժողովը իր աշխատանքի վերջին օրերուն օրէնք ընդունեց, որ կը քրէականացնէ անպարկեշտ խօսքերը եւ հայհոյանքը: Քրէական օրէնսգրքին աւելցուեցաւ նոր՝ 137․1 յօդուածը, որուն վերնագիրն է «Ծանր վիրաւորանք» եւ կը նախատեսէ պատիժ՝ մինչեւ 3 միլիոն դրամ տուգանք կամ ազատազրկում՝ մինչեւ երեք ամիս ժամկէտով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment