Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Տեղի Ունեցաւ ՀԿԲՄ-Ի Կրթանպաստի Տարեկան Միջոցառումը

Տեղի Ունեցաւ ՀԿԲՄ-Ի Կրթանպաստի Տարեկան Միջոցառումը

by MassisPost

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան` ՀԿԲՄ-ի  տարեկան միջոցառումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Օգոստոսի, 2021, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին «Պրանչՙ-նախաճաշի ձեւով, կազմակերպութեան  Փասատինայի կեդրոնի սրահէն ներս:

Հակառակ Համավարակի սահմանափակումներուն աւելի քան հարիւր հրաւիրեալներ ներկայ եղան սոյն հաւաք-ճաշկերոյթին:

Ներկայ էր նաեւ  Հայաստանի աւագ հիւպատոս, դեսպան Տիար Արմէն Բայբուրդեան իր ազնուափայլ տիկնոջ Իվեթի ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ՍԴՀԿ-ի Շրջանային  եւ Կեդրոնական Վարչութեանց, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ու Հ.Մ.Մ.ի ղեկավարներ, բարերարներ եւ ծնողներ:

ՀԿԲՄ-ի անունով ներկաներուն ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ օրուան հանդիսավարուհի Տիկ. Քաթիա Քրմոյեան-Խոտանեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ  ետք, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ իր վարչութեան հայրենանուէր օգտաշատ գործունէութեան որ գլխաւորաբար կը միտի գործնապէս քաջալերել ուսումնատենչ հայ երիտասարդները, կրթանպաստի միջոցով, սատար հանդիսանալ անոնց հեռանկարային ծրագիրներու իրականացման:

Համադամ ճաշատեսակներու եւ աղանդերներու սպասարկութենէն ետք, գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը: ՀԿԲՄ-ի վարչութեան ժրաջան անդամուհիներէն Դոկտ. Ռոզին Տէր Դաւիթեան մասնագիտական համապարփակ զեկուցումով մը հանդէս գալով, համաշխարհային  մակարդակով բնութագրեց կրթաթոշակներու եւ կրթանպաստներու ներգործութիւնը երիտասարդութեան ապագայի վրայ: Դար մը առաջ ստեղծուած այս համակարգն իր դրական  անկիւնադարձային ազդեցութիւնն ունեցած է, տեսլապաշտ ուսանողի ապագայ կեանքին մէջ: Այդպիսիներէն մին եղած է նաեւ օրուան զեկուցաբերը…:

Ապա, կրթանպաստ ստացողները բեմ հրաւիրուելէ առաջ Դոկտ.. Ռոզին Տէր Դաւիթեան ըսաւ թէ այս տարի ՀԿԲՄ-ի կրթանպաստներէն օգտուած են նաեւ Հայաստանէն չորս` Յարութիւն Պօշկեզնեան, Մարիա  Լափայեան, Արուսեակ Ներսէսեան եւ Ռոզալին Թադէոսեան եւ Պէյրութէն երկու ուսանող-ուսանողուհիներ` Սարին Չափութեան եւ Սարին Թանքեան: Անոնք իրենց պարգեւները  ստանձնած են անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին` ձեռամբ Միութեան ներկայացուցիչներուն` Խաչիկ Քէշիշեանի (Հայաստանի մէջ) եւ Կարօ Պէքարեանի (Լիբանանի մէջ): Ապա, երեք ուսանողներու յանձնուեցան իրենց  կրթանպաստերները` Ալին Գուզուեան, Քրիսթինա Շիրանեան, Նարեկ  Տատուրեան, իսկ չորրորդը` Ֆրեզնոյէն Մէրի Թօփուզեան չէր կարողացած անձնապէս ներկայ գտնուիլ հանդիսութեան: Պարգեւները ու վկայագիրները յանձնուեցան ՀԿԲՄ-ի բարերարներէն Տիար Թադէոս Քէօրօղլեանէն ձեռամբ:  Այնուհետեւ անոնք հերթով իրենց երախտագիտութիւնն արտայայտեցին նպաստամատոյց կազմակերպութեան:

Սոյն միջոցառման գեղարուեստական բաժինին  զոյգ մենապարերով իր մասնակցութիւնը բերաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբի աստղերէն` շնորհալի եւ հեզաճկուն կատարող Մէրի Քիլաճեան, իսկ շնորհալի ասմունքող Քրիսթինա Չիրանեան արտասանեց  Գէորգ Էմինէն  «Մենք Կէս Ենք» քերթուածը, կիթառի վրայ ընկերակցութեամբ Նարեկ Տատուրեանի:

Մէջ ընդ մէջ յայտարարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, ՀԿԲՄ-ի կրթանուէր ծրագիրներուն համար, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին գրեթէ բոլոր ներկաները:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ   Հայաստանի աւագ հիւպատոս-դեսպան Տիար Արմէն Բայբուրդեան: Ան նախ   շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն` իրեն ուղղուած հրաւէրին համար:: Անդրադառնալով կրթաթոշակներու եւ կրթանպաստներու բարերար ազդեցութեան Հիւպատոսը  բաղդատական  զուգահեռական մը ըրաւ խորհրդային վարչակարգի օրերու եւ ներկայ ժամանակներու կրթական համակարգերու տարբերութիւններուն վրայ: «Սովետի օրով խիստ բացառիկ պատեհութիւններով խոստմնալից ուսանողներ« արտասահման ուղեւորուելու կրթաթոշակ կը ստանային: Ես այդ բախտաւորներէն մին էին »,-յայտնեց Պրն. Ա. Բայբուրդեան եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ՀԿԲՄ-ի կրթանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութեան: Ան կոչ ըրաւ ուսանողներուն մէկ եռամսեակ իրենց ուսումը շարունակել Հայաստանի համալսարաններէն ներս:

Կը շնորհաւորենք կազմակերպիչները իրենց այս բարձրամակարդակ յաջող միջոցառումին համար:

aebu 9

aebu 10

aebu 12

aebu 14

AEBU 4

Aebu 6

AEBU 5

aebu 13

Lebanon Group

Armenia Collage

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment