Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երասխի Հատուածին Մէջ Հակառակորդի Կրակոցէն Զինծառայող Զոհուած է

Երասխի Հատուածին Մէջ Հակառակորդի Կրակոցէն Զինծառայող Զոհուած է

by MassisPost

Ատրպէյճանական զինուժը այսօր՝ Սեպտեմբեր 1-ի 11։10-ի սահմաններուն, հրաձգային զինատեսակներէն եւ դիպուկահար հրացաններէն կրակ բացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի Արարատի մարզի, մասնաւորապէս՝ Երասխի հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊՆ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, 1982-ի ծնունդ, կրտսեր սերժանտ՝ Գեղամ Լէովայի Սահակեանը, հաղորդած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Գերատեսչութիւնը դատապարտած է ատրպէյճանական կողմի գործողութիւնները` նախազգուշացնելով, որ անոնք անպատասխան չեն մնար։ «Իրադրութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնն ընկնում է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ», – շեշտած է ՊՆ-ը։

Պատերազմէն յետոյ, ըստ հայկական կողմին, Գեղամ Սահակեան ատրպէյճանական կրակոցէն սպաննուած 10-րդ զինծառայողն է։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է հայկական կողմի մեղադրանքը. «Այսօր նշուած ուղղութեամբ ատրպէյճանական բանակի կողմէ որեւէ կրակոց չէ արձակուած»:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը նաեւ հերքած է հայկական կողմին պնդումները սահմանամերձ արօտավայրերը դիտաւորեալ հրդեհելու եւ անասուններ գողնալու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment