Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետը Կրկին Բարձրաձայնած է ԵԱՏՄ-ի Ծիրէն Ներս Ուժանիւթի Ընդհանուր Շուկայ Ստեղծելու Խնդիրը

ՀՀ Վարչապետը Կրկին Բարձրաձայնած է ԵԱՏՄ-ի Ծիրէն Ներս Ուժանիւթի Ընդհանուր Շուկայ Ստեղծելու Խնդիրը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետը կրկին անգամ բարձրաձայնած է Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս ուժանիւթի ընդհանուր շուկայ ստեղծելու խնդիրը։

Աշխատանքային այցով Խրխզիստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Օգոստոս 20-ին մասնակցած է ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի՝ ընդլայնուած կազմով նիստին։

Փաշինեան համոզմունք յայտնած է, որ միութեան արդիւնաւէտ զարգացման առանցքային բաղադրիչներէն է կազի, նաւթի եւ նաւթամթերքի ընդհանուր շուկաներու օրինաչափական պազայի ստեղծման ուղղութեամբ հետեւողական եւ թափանցիկ աշխատանքը:

Վարչապետի խօսքով՝ միութեան ուժանիւթի ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը կրնայ դառնալ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու պատասխան՝ նպաստելով ուժանիւթի անվտանգութեան ամրապնդման եւ երկիրներու տնտեսութիւններու կայուն զարգացման:

«Այս տարի անդամ երկրները յանձնաժողովի հետ միասին սկսեցին Միութեան կազի ընդհանուր շուկայի ձեւաւորման վերաբերեալ միջազգային պայմանագրի քննարկումը: Ակնկալում ենք շարունակական կառուցողական աշխատանք՝ հիմնուած փոխըմբռնման վրայ եւ հաշուի առնելով Միութեան բոլոր անդամ երկրների շահերը», – ըսած է վարչապետը:

Հայաստանի վարչապետը գոհունակութեամբ նշած է, որ կարելի եղած է համաձայնեցնել նաւթի եւ նաւթամթերքի ընդհանուր շուկայի ձեւաւորման հայեցակարգը՝ Միութեան բոլոր պետութիւններու կողմէ հաւանութեան արժանացած հինգ սկզբունքներու հիման վրայ:

Հայաստանի իշխանութիւնները պարբերաբար կը բարձրաձայնեն Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու ուժանիւթի միասնական շուկայ ստեղծելու խնդիրը։ Հարցը յատկապէս կարեւոր է անդամ այն երկիրներուն համար, որ նաւթ ու կազ չունին, ինչպէս՝ Հայաստանի, Պելառուսիոյ եւ Խրխզիստանի համար։ Փորձագէտներու կարծիքով` առաջիկայ տարիներուն դժուար թէ ընդհանուր շուկայի հարցը վերջնական կարգաւորուի, քանի որ ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու մօտեցումները այս հարցի նկատմամբ տարբեր են։

Ի դէպ, ռուսական լրատուական գործակալութիւնները Փաշինեանի ելոյթէն այս հատուածը առանձնացուցած են ։ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, մասնաւորապէս, «Փաշինեանը կարեւորած է ԵԱՏՄ-ի մէջ կազի, նաւթի եւ նաւթամթերքի ընդհանուր շուկայի ձեւաւորումը» վերնագրով յօդուած մը հրապարակած է, ուր շեշտած է, թէ Հայաստանի ղեկավարը կը համարէ, որ «միութեան ուժանիւթի ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը կրնայ պատասխան ըլլալ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու»:

Խրխզիստան երէկուընէ հաւաքուած են ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները։ ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի՝ ընդլայնուած կազմով նիստին Հայաստանի վարչապետը իր ելոյթը սկսած է փոխադրային ոլորտի կարգաւորման միասնական սկզբունքներու մշակման հարցէն՝ նշելով, որ անդամ պետութիւններու՝ 2021-2023 թուականներու փոխադրային համակարգուած քաղաքականութեան իրագործման ճանապարհային քարտէզը ոլորտի զարգացման հաւասարակշռուած ծրագիր է:

Փաշինեանը կարեւորած է նաեւ ներքին եւ արտաքին շուկաներու մէջ ԵԱՏՄ-ի արտադրուող արտադրանքի մրցունակութեան բարձրացումը, այս նպատակին հասնելու միջոցառումներու շրջածիրէն ներս ընդգծելով արտահանման համար համատեղ ապահովագրական աջակցութեան համակարգի ձեւաւորման կարեւորութիւնը:

Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի յաջորդ նիստը որոշուած է գումարել Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment