Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեք Զինուորներու Սպաննութեան Կասկածանքով Ձերբակալուած Է Անոնց Ծառայակիցը

Երեք Զինուորներու Սպաննութեան Կասկածանքով Ձերբակալուած Է Անոնց Ծառայակիցը

by MassisPost

Սիւնիքի մէջ երեք զինծառայողներու սպաննութեան դէպքը, բնականաբար, հետեւանքներ պիտի ունենայ անոր առնչուող շարք մը զինուորական պաշտօնեաներու համար, յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն։ Մամուլը գրած է, որ Գորիսի զօրամասի հրամանատար եւ ռազմական ոստիկանութեան բաժնի պետը աշխատանքէն ազատուած են: Նախարարութիւնը յստակ անուն-ազգանուններ տակաւին չի մեկնաբաներ:

Զօրամասի հրամանատար՝ Արայիկ Մինասեանէն «Ազատութիւնը» մեկնաբանութիւն խնդրեց, ի պատասխան ան միայն հետեւեալը ըսաւ. «Ես հիմա ոչ, հարցերի չեմ կարող պատասխանել, տեղս շատ անյարմար է»:

Երէկ՝ Օգոստոսի 19-ի գիշերը, Կոռնիձորի մարտական յենակէտը 3 ժամկէտային զինծառայողներու մարմիններ յայտնաբերուած էին: Սկիզբը Ատրպէյճանական ներթափանցման վարկածը կը քննարկուէր, սակայն պաշտպանական գերատեսչութիւնը հերքած էր եւ նախնական տեղեկութիւններով՝ տեղի ունեցածը կապ չունի հակառակորդին հետ:

Երեկոյեան արդէն Քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածեց, որ երեք զինուորներու սպաննութեան կասկածանքով ձերբակալուած է անոնց ծառայակիցը` նոյն զօրամասը ծառայող ժամկէտային։ Ի՞նչ խնդիր ծագած է մարտական հերթապահութիւն կատարող 19-ամեայ տղաներուն միջեւ, որ անոնցմէ մէկը հրազէնով սպաննած է երեքին:

Քննչական կոմիտէի երկրորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ քրէական գործ յարուցուած է՝ երկու եւ աւելի անձերու սպաննութեան յօդուածով: Կասկածեալ զինծառայողը Գեղարքունիքի մարզէն է:

«Համոզուած եմ, որ այս գործը` այդ երեք զինուորի սպաննութիւնը կեղծիքով առաջ է գնալու: Այդ մէկ զինուորն է լինելու պատասխանատուն` այդ խեղճուկրակը, եւ էլ որեւէ մէկը պատասխան չի տալու», – ըսած է իրաւապաշտպան՝ Ժաննա Ալեքսանեանը: Ան չի հաւատար, թէ արդարադատութիւն տեղի կ’ունենայ, կը սպաննուին շարքայիններ եւ կը դատուին շարքայիններ, ան ըսած է. «Ես չեմ տեսել հայաստանեան որեւէ դատարանում դատապարտուող զօրամասի հրամանատար, թէկուզ իր զօրամասում մահուան դէպք գրանցուած լինի մէկ տարուայ ընթացքում, նրան որեւէ մէկը չի ասում` ինչու են այդքան սպանուել ձեր զօրամասում, ի՞նչ ես անում ընդհանրապէս այդտեղ: Ես ո՞նց հաւատամ»:

Ըստ իրաւապաշտպանին, լիարժէք բացայայտումն է ասպիսի ցաւոտ դէպքերը կանխարգիլելու լաւագոյն տարբերակը. «Ուղղակի եթէ վարչապետը յոյս է դրել, որ Քեարամեանը պէտք է բացայայտի, դա է միակ ելքը բանակում կանխելու, հասկանո՞ւմ էք, մահուան դէպքերը, բացայայտումները, անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացումը, եթէ դա չի արւում, ուրեմն սա շարունակուելու է: Երեք զինուորի մահը, պէտք է ուղղակի փակել զօրամասը ու տեսնել` ինչ է կատարւում առհասարակ, ինչու են տանում տղաներին, դիրքերում խփում: Լաւ, այսքան մահուան դէպքեր կան, այսքան զոհեր ունենք, չի՞ կարելի խնայել զինուորի կեանքը, ի՞նչ իրաւունք ունի զօրամասի հրամանատարը շարունակի այդտեղ պաշտօնավարել, ինչո՞ւ են յայտարարել զօրամասի հրամանատարներին անձեռնմխելի»:

Ժաննա Ալեքսանեանը Շեշտած է, որ զինուորը պետութեան համար կը շարունակուի մնալ պարզապէս ներուժ եւ ոչ թէ արժէք: Յուլիսի վերջը կրակային դիրք մահացած գտան ժամկէտային Գրիգորեանը: 44-օրեայ պատերազմին մասնակցողին մահը հապճէպ ինքնասպանութիւն որակուեցաւ, ըստ Ալեքսանեանին` այստեղ բազմաթիւ հարցեր կան: Ո՞ւր է ի վերջոյ Մայիսի կէսէն Վարդենիսէն անհետացած 18-ամեայ զինուորը եւ Սեւ լճի տարածքէն անհետացած երկու պայմանագրայինները, ինչո՞ւ զիրենք միայն հարազատները կ’որոնեն, կը հարցնէ իրաւապաշտպանը, յիշեցնելով, որ ընտանիքը պետութեան տուած էր իր զինուորը:

«Բացի կենացներից, մենք ուրիշ բան չենք տեսնում, մտահոգութիւն որեւէ զինուորի, որ լաւ, գոնէ թող նա ապրի, թոյլ տուէք, որ նա ապրի»:

Տարեսկիզբէն մինչեւ հիմա 44 զինծառայող մահացած է: Անոնցմէ 35-ի մահուան պատճառը ատրպէյճանական կրակոցը չէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment