Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահական Թէ՞ Խորհրդարանական Համակարգ

Նախագահական Թէ՞ Խորհրդարանական Համակարգ

by MassisPost

1995-ի Յուլիս 5-ին, ժողովրդային հանրաքուէով վաւերացուեցաւ անկախ Հայաստանի առաջին Սահմանադրութիւնը ու այդ օրը դարձաւ պաշտօնական տօն:

2005-ին, Ռոպերթ Քոչարեանի օրով եւ 2015-ին Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ Սահմանադրութիւնը երկու անգամ ենթարկուեցաւ փոփոխութեան: Խնդրայարոյց նկատուեցաւ երկրորդ փոփոխութիւնը, որ եկաւ անցում կատարելու նախագահական համակարգէն դէպի խորհրդարանական: Այս փոփոխութիւնը արժանացաւ մեծ դիմադրութեան, նկատի ունենալով որ, ան յատուկ գրուած էր Սարգսեանի պաշտօնավարումը երկարաձգելու համար, երբ մօտ էր իր աւարտին հասնելու անոր երկրորդ եւ վերջին նախագահական շրջանը: Օրին Սարգսեան հակադարձելով իր քննադատներուն վստահեցուց որ, նպատակ չունի որպէս վարչապետ շարունակելու իր ղեկավարումը: Հետագային դրժելով իր խոստումը 2018-ին ան ընտրուեցաւ վարչապետ: Այս դարձաւ Սերժ Սարգսեանի անկումին գլխաւոր դրդապատճառներէն մին ու Թաւշեայ ժողովրդային յեղափոխութեամբ աւարտին հասաւ Քոչարեան-Սարգսեան զոյգի 20-ամեայ իշխանութիւնը:

Յուլիս 5-ի տօնին առթիւ ժողովուրդին ուղղուած իրենց ուղղերցներուն մէջ Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ակնարկեցին սահմանադրական նոր փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին, առանց յստակեցնելու թէ ինչպիսի փոփոխութիւններ կը պատկերացնեն այս հանգրուանին: Թէեւ Նախագահ Արմէն Սարգսեան տարբեր առիթներով խօսած էր Հանրապետութեան նախագահը յաւելեալ լիազօրութիւններով օժտելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ինչ կը վերաբերի Նիկոլ Փաշինեանին, անցեալին ան արտայայտուած էր նախագահական համակարգին վերադառնալու գաղափարին դէմ: Սակայն, վերջին շրջանին չէր բացառած նման հաւանականութիւնը, մանաւանդ երբ Նախագահ Սարգսեան մերժեց ստորագրել Վարչապետի կարգ մը հրամանագիրերը` երկիրը հասցնելով սահմանադրական ճգնաժամի եզրին:

Նախագահական համակարգի առաւելութիւններէն գլխաւորը այն է որ, այդ կ՛ապահովէ աւելի երկար կայունութիւն երկրէն ներս: Նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտը յստակ է ու պայմանաւորուած չէ խորհրդարանական մեծամասնութեան հետ: Խորհրդարանական կառավարման անցնելէ ետք, հինգ տարուայ մէջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան երեք ընտրութիւններ, որոնց երկուքը արտահերթ:

Վերջին ընտրութիւններուն մասնակցեցան 25 կուսակցութիւններ եւ եթէ ժողովուրդի մօտ չըլլար նախկիններուն վերադարձի մտավախութիւնը, Ազգային Ժողով կրնային մուտք գործել 5, 6 կամ 7 կուսակցութիւններ ու կրնար յառաջանալ համախոհական կառավարութիւն կազմելու անհրաժեշտութիւն:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան նախագահական համակարգին վերադառնալու կողմնակիցներ: Կը հնչեն նաեւ կարծիքներ, որ կարելի չէ այսքան արագ հրաժարիլ խորհրդարանական համակարգէն եւ պէտք է հարցին նայիլ երկարաժամկէտ՝ վերջնականապէս գնահատելու համար անոր դրական ու բացասական կողմերը:

2020-ի Փետրուարին, Վարչապետի հրամանագիրով կազմուած սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի աշխատանքները դադրեցան պատերազմէն յետոյ: Հաւանաբար, նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք ան վերսկսի իր գործունէութեան, որմէ ետք աւելի յստակ կը դառնայ, թէ ինչպիսի համակարգի վրայ կը կանգնի իշխող ուժի նախընտրութիւնը՝ նախագահական թէ՞ խորհրդարանական:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment