Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Հրայր Թովմասեան Միջնորդեց. Հայաստանի Նախագահը Որպէս Վկայ Հրաւիրել ՍԴ

Հրայր Թովմասեան Միջնորդեց. Հայաստանի Նախագահը Որպէս Վկայ Հրաւիրել ՍԴ

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանէն ներս (ՍԴ) կը շարունակուի 2021-ի Յունիս 20-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու վերաբերեալ միաւորուած գործի դատաքննութիւնը:

Ընտրութիւններու արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մօտ վիճարկած է չորս քաղաքական ուժ՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւնները:

Նիստին սկիզբը «Զարթօնք»-էն Արա Զոհրապեան միջնորդութիւն ներկայացուց դատաւոր Վահէ Գրիգորեանի` նիստին մասնակցելու անհնարութեան վերաբերեալ:

«Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Վահէ Գրիգորեանը նախկինում հանդիսացել է Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցիչը ոչ միայն Հայաստանում, այլ նաեւ Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանում: Խնդրում ենք լուծել Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Վահէ Գրիգորեանի սոյն գործի քննութեանը մասնակցելու անհնարինութեան հարցը»,- նշեց Զոհրապեան:

Միջնորդութիւն ներկայացուց նաեւ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ՝ Արամ Վարդեւանեան,- «Վահէ Գրիգորեանն ունի կանխակալ վերաբերմունք «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդների նկատմամբ, այդ թւում նաեւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածուների ցուցակի 10 համարներից երեքի նկատմամբ, այդ թւում՝ ցուցակը գլխաւորող Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ»:

Դատաւորներէն առաջինը՝ Հրայր Թովմասեան խօսեցաւ այն մասին, որ միջնորդութիւնը այս փուլին Սահմանադրական դատարանի կողմէ քննութեան առարկայ չի կրնար դառնալ. «Սահմանադրական դատարանի մասին օրէնքի համաձայն այս հարցը քննւում է գործը վարոյթ ընդունելու որոշման շրջանակներում, այդ փուլը մենք արդէն անցել ենք»:

Նկատել տանք, որ Աշխատակարգային նիստին, դատաւոր՝ Արեւիկ Պետրոսեան այս միջնորդութիւնը ներկայացուցած էր, եւ զայն դատարանը մերժած էր որակեալ մեծամասնութեամբ:

Հարցի վերաբերեալ արտայայտուեցաւ նաեւ Վահէ Գրիգորեան՝ ակնարկելով՝ եթէ այս սկզբունքով առաջնորդուին, այլ ինքնաբացարկներու անհրաժեշտութիւն կ’առաջանայ: Ակնարկը, կը վերաբերէր Հրայր Թովմասեանին, որու աշխատակարգային նիստին բացարկ ներկայացուցած էր Վահէ Գրիգորեան: Թովմասեան ժամանակին Հանրապետական կուսակցութեան անդամ էր, նաեւ խմբակցութեան պատգամաւոր, իսկ ընտրութիւններու արդիւնքները կը վիճարկէ նաեւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը, որու մաս կը կազմէ նաեւ Հանրապետականը:

Դատաւոր Վահէ Գրիգորեան եւս անդրադարձաւ այս հարցին. «Դատարանի որոշելիքն է այս հարցը քննարկել, թէ ոչ, ես ամբողջութեամբ պատրաստ եմ իմ բացատրութիւնները ներկայացնել դրա վերաբերեալ, եթէ դատարանը կ’որոշի, որ այս փուլում կարող է նման հարց քննարկել: Բնականաբար, դրան հետեւելու են նաեւ նոյնաբովանդակ այլ հարցերի բարձրացում, այդ թւում նաեւ իմ կողմից»: Ան ըսաւ թէ հարցը ամբողջ ծաւալով բազմապատիկ աւելի խորութեամբ քննարկուած է աշխատակարգային նիստին:

Կէս ժամէն աւելի քննարկուած միջնորդութիւնը դատարանը ի վերջոյ որոշեց չդնել քննարկման: Խորհրդակցական սենեակէն վերադառնալէն ետք միջնորդութիւն ներկայացուց դատաւոր՝ Հրայր Թովմասեանը, որպէս վկայ առաջարկեց հրաւիրել Հայաստանի նախագահը։

«Ես ուզում եմ հանրապետութեան նախագահից լսել դատարանում, որ իր վրայ որեւէ ճնշում չի եղել, իր վրայ որեւէ հարկադրանք չի եղել եւ ինքը միանձնեայ որոշել է, խորհրդակցել է, նպատակայարմար է գտել այդ օրը, որպէսզի այդ հարցն ընդհանրապէս դուրս գայ: Հակառակ դէպքում Սահմանադրական դատարանը պէտք է ինչ-որ կերպ անդրադառնայ այդ հարցին», – ըսաւ Թովմասեան:

Բուն բողոքի քննութիւնը սկսաւ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ՝ Արամ Վարդեւանեանի ելոյթով,- «Մէկ այլ հանգամանք, որը կարելի է ասել այս ընտրական գործընթացի ամենաանհանգստացնող հարցերից մէկն էր: Դա վերաբերում է նոյն անձի կողմից «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու եւ միաժամանակ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի կողմից նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքում հնչեցրած արտայայտութիւններին»:

Վարդեւանեանի ելոյթը ընդհատուեցաւ աշխատանքային օրուայ աւարտելուն պատճառով, բարձր դատարանը նիստը կը շարունակէ վաղը, ժամը 10:00-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment