Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինը Փաշինեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ակնարկած Է Լուծում Սպասող «Զգայուն Հարցեր»Ու

Փութինը Փաշինեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ակնարկած Է Լուծում Սպասող «Զգայուն Հարցեր»Ու

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ` Վլատիմիր Փութինը Քրեմլինին մէջ ընդունած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, երէկ՝  Յուլիս 7-ին:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը  ընդունած ատեն, Ռուսաստանի նախագահը ակնարկած է, թէ կան զգայուն հարցեր, որոնք պէտք է լուծել, եւ զանոնք լուծելու համար պէտք է ունենալ ժողովուրդի աջակցութիւնը, զոր Նիկոլ Փաշինեան ունի:

«Կը ցանկամ անձամբ շնորհաւորել ձեզ ընտրութիւններու արդիւնքներուն կապակցութեամբ: Ես կը կարծեմ, որ այդ կարեւոր է բոլորին համար, նախ եւ առաջ, ի հարկէ, Հայաստանի, հայ ժողովրդի համար՝ նկատի ունենալով, որ այնպիսի բարդ, շատ սուր եւ զգայուն հարցեր, որոնք պէտք է լուծել, կարելի է լուծել, միայն եթէ կայ արդիւնաւէտ աշխատելու հնարաւորութիւն: Իսկ անոր համար ամենակարեւորը ժողովուրդի վստահութիւն ունենալն է». – նման ձեւով Վլատիմիր Փութին երէկ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը Յունիս 20-ին Հայաստան կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակի կապակցութեամբ:

Փութին, շնորհաւորելով Փաշինեանը, ընդգծած է, թէ Հայաստանի ժողովուրդի վստահութիւնը թոյլ կու տայ երկրի ղեկավարին, որ լուծէ բարդ, շատ սուր եւ զգայուն հարցեր: Իսկ թէ յատկապէս ինչ բարդ, շատ սուր եւ զգայուն հարցերու մասին է խօսքը, Փութինը երէկ հրապարակաւ չէ մանրամասնած: Հասկանալի է, որ այդ զգայուն հարցերը Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ղեկավարները քննարկած են լրագրողներու աչքերէն հեռու:

Այս Նիկոլ Փաշինեանի առաջին այցն էր արտերկիր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ: Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի մոսկովեան օրակարգին վրայ միայն հանդիպումն էր Ռուսաստանի նախագահի հետ, որու ժամանակ ան բարձրաձայնած է հայկական կողմի համար հրատապ շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս՝ սահմանային բարդ իրավիճակը եւ գերիներու վերադարձի հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment