Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վախճանած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեան

Վախճանած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեան

by MassisPost

Պէյրութի մէջ Մայիս 25-ի առաւօտեան կեանքէն հեռացած է Հայ կաթողիկէ պատրիարք Տէր Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է գրող, լրագրող եւ վերլուծաբան՝ Սագօ Արեան:

Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք դարձած է 2015-ի Յուլիս 25-ին՝ փոխարինելով երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս 19-րդ Թարմունիին:

Գրիգոր Կապրոյեան ծնած է 1934-ի Նոյեմբեր 15-ին Սուրիոյ Հալէպ քաղաք: Ընտանիքը վերջնականապէս հաստատուած է Լիբանան 1938-ին:

Իր նախնական ուսումը կատարած է Ֆուռն-Շուպպաքի Ֆրէրներու Նոթրը-Տամ դպրոցին մէջ:

Կը մտնէ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոքր ընծայարանը, Զմմառ ապա Ճունի, ու կը յաճախէ Մարիսդ Ֆրէրներու վարժարանը:

Պաքալորեան առնելէ ետք՝ կ’ուղարկուի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանը, Հռոմ, ուր կը յաճախէ վեց տարի Քահանայապետական Գրիգորեան (կրէկորիանա) համալսարանը, ստանալով սքոլասթիք փիլիսոփայութեան պաքալորեան եւ աստուածաբանութեան լիսանսի վկայականը:

Կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը ձեռնադրուի Զմմառու միաբան կուսակրօն վարդապետ 1959-ի Մարտ 28-ին, ձեռամբ Վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան, Կաթողիկոս Պատրիարքի, որ նախագահն էր Ժողովուրդներու Աւետարանացման Համաժողովին:

Յետ մէկ տարի պաշտօնավարելու ճունիի մէջ, որպէս փոխտեսուչ փոքր ընծայարանի, կ’անուանուի տնօրէն Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան Հայ Կաթողիկէ վարժարանին, զոր կը վարէ 9 տարի:

1969-ին՝ կ’ընտրուի Ընդհանուր Մատակարար Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան:

1977-ի  Յունուար 3-ին՝ Պօղոս Զ. Սրբազան Պապը զինք կ’անուանէ տիտղոսաւոր Եպիսկոպոս Ամիտայի (Տիարպեքիր) Հայոց եւ Առաքելական Եկզարք ֆրանսաբնակ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն:

Եպիսկոպոս կ’օծուի  1977-ի Փետրուար 13-ին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

1986-ի  Յունիս 20-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը կը ստեղծէ Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմը, Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներուն համար եւ զինք կ’անուանէ առաջին եպիսկոպոսը այդ Թեմին:

1988-ի Հոկտեմբեր 15-ին կը նշանակուի Առաքելական այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի Հայոց, որոնք զուրկ են տեղական Առաջնորդէ:

1997-ին կ’աւարտէ «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» արեւմտահայերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը, որուն թարգմանութիւնն ու տպագրութիւնը վարած էր:

2005-ին եւ 2009-ին, ան կը կազմակերպէ Հռոմի եւ Լիբանանի մէջ, այժմ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած երկու գիտաժողովներ, որոնց ակդաներուն հրատարակութիւններն ալ կը հոգայ:

1997-էն 2014 վարած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ընդհանուր մատակարարի պաշտօնը:

7 Ապրիլ 2013-ին, երբ կը հաստատուի իր յաջորդը՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան, որպէս Թեմին Առաջնորդ, ան կը դառնայ վաստակաւոր եպիսկոպոս Ֆրանսայի Թեմին, որուն ծառայած էր որպէս Առաջնորդ 36 տարիներ շարունակ:

2015-ի  Յունիս 25-ին յետ մահու երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքին, եւ ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագրին ան, որպէս մնայուն Սիւնհոդոսի կարգերէց եպիսկոպոս դարձաւ Պատրիարքական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ:

2015-ի  Յուլիս 25-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը զինք կ’ընտրեն 20-րդ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ ան կ’առնէ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment