Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականները Կոչ Ուղղած Են Իշխանութիւններուն Դադրեցնելու Որեւէ Տեսակի Ռազմական Աջակցութիւն Ատրպէյճանին

ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականները Կոչ Ուղղած Են Իշխանութիւններուն Դադրեցնելու Որեւէ Տեսակի Ռազմական Աջակցութիւն Ատրպէյճանին

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի քանի մը տասնեակ անդամներ միացած են Տեւիտ Վալատաոյի կոչին ուղղուած նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին, ու յորդորած է դադրեցնել ԱՄՆ-ի որեւէ տեսակի ռազմական աջակցութիւն Ատրպէյճանին: Մայիս 24-ին քոնկրէսականներուն յղած նամակով նաեւ կոչ եղած է Պայտընին հրատապ կերպով վերանայիլ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը սահմանափակող «Ազատութեան աջակցութեան աքթի» 907-րդ ուղղումէն հրաժարելու որոշումը:

«Ամերիկեան հարկերէն գանձուած նոյնիսկ մէկ տոլար պէտք չէ ուղարկուի՝ զինելու նաւթային պաշարներով հարուստ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն՝ երկիր մը, որ Արցախը ցեղային զտման ենթարկեց եւ կը շարունակէ պահել հայ ռազմագերիները, իսկ հիմա գրաւած է տարածք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ»,- նշած է Վալատաոն:  Ան ընդգծած է, որ եթէ Պայտըն ուժի մէջ չձգէ 907-րդ ուղղումը, ապա ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը պէտք է օրէնքով արգիլէ Ալիեւի ռեժիմին որեւէ տեսակի զէնքի կամ աջակցութեան ցուցաբերումը:

Քոնկրէսականներու նամակով նշուած է, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ ապակայունացնող դերակատարում ունենալ տարածաշրջանէն ներս, յարձակում կը գործէ հայերու դէմ՝ անոնց իսկ հայրենիքին մէջ, ինչպէս նաեւ կը տապալէ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը: «Մենք կոչ կ’ընենք անյապաղ դադրեցնել ԱՄՆ-ի որեւէ տեսակի ռազմական կամ անվտանգային աջակցութիւն Ատրպէյճանին»,- նշուած է նամակի եզրափակիչ հատուածով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment