Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պայտըն Ընդգծած Է Արցախի Խնդրի Երկարաժամկէտ Քաղաքական Կարգաւորման Անհրաժեշտութիւնը

Պայտըն Ընդգծած Է Արցախի Խնդրի Երկարաժամկէտ Քաղաքական Կարգաւորման Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ՝ Միացեալ Նահանգները յանձնառու կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման բանակցութիւններուն օժանդակելուն։ Այս մասին գրած է ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճոզէֆ Պայտըն Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւին այդ երկրի Հանրապետութեան օրուայ առթիւ յղած շնորհաւորական նամակին մէջ։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Պայտըն նշած է, որ Ատրպէյճանի անկախութեան 30 տարիներու ընթացքին երկու պետութիւնները համատեղ աշխատած են անվտանգութեան, ուժանիւթի եւ ժողովրդավարական կառավարման ոլորտներու մէջ։

«ԱՄՆ-ը վճռականօրէն կը սատարէ Հարաւային կազային միջանցքը շահագործման յանձնելու Եւրոպայի ուժանիւթի զանազանութեան գործով Ատրպէյճանի ներդրումը եւ այս տարի Կասպիցի մէջ Թուրքմենիստանի հետ համատեղ հանքավայրի հետախուզման ու մշակման մասին յուշագրի ստորագրումը։ Մենք երախտապարտ ենք Ատրպէյճանին Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի առաքելութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերուն 20-ամեայ աջակցութեան համար», – APA լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսուած է ԱՄՆ-ի նախագահի նամակին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Ղարաբաղեան 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի մասին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան ստորագրումէն յետոյ Ատրպէյճանի նախագահը բազմիցս յայտարարած է, թէ ղարաբաղեան խնդիրը լուծուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment