Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սեւ Լճի Շրջանի Հետ Կապուած Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Սեւ Լճի Շրջանի Հետ Կապուած Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

by MassisPost

Որեւէ փաստաթուղթ այս պահուն չի ստորագրուիր եւ առկայ չէ: Եղած է աշխատանքային փաստաթուղթ, որու մասին ԱԺ ամպիոնէն  ՀՀ վարչապետը մանրամասն խօսած է: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը` այս մասին Գիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ նշեց ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի պաշտօնակատար՝ Սուրէն Պապիկեան՝ անդրադառնալով վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի՝ «թուղթը ստորագրելու եմ», յայտարարութեան եւ Տաւուշի 6 գիւղերու յանձնման խօսակցութիւններուն:

«Այս պահին որեւէ փաստաթուղթ առկայ չէ: Այսինքն՝ ցանկացած առաջարկութիւն, որ կարող է հնչել երրորդ կամ միջնորդ երկրի կողմից, բնականաբար, թղթային տարբերակով թէ՛ պէտք է մեզ գայ, թէ՛ գնայ հակառակ կողմին, եւ այդ գործընթացը չի ենթադրում, որ եթէ այդ թուղթը եկել է այդ տեսքով, ապա մեզ ընդունելի է այդ տեսքով»,-նշեց Սուրէն Պապիկեան վստահեցնելով, որ այս աշխատանքային գործընթաց  է, եւ այդ փաստաթուղթը ստորագրելու որեւէ պայման առկայ չէ:

Անդրադառնալով այս պահուն ընթացող բանակցութիւններուն, պատասխանատուն տեղեկացուց, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին: «Բնականաբար, հիմնական հատուածը Սեւ լճի հատուածն է, որտեղ որոշակի հատուածներում տեղակայուած են հարեւան երկրի զինուորները, բայց շատ տեղերում էլ իրավիճակն այլ է: Փորձում ենք բանակցային ճանապարհով հնարաւորինս դանդաղ, առանց որեւէ սրացման խնդիրը լուծել: Հիմա դրանում ներգրաւուած են նաեւ մեր ռուս գործընկերները, նաեւ ՀԱՊԿ-ի գործընկերները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment