Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ուաշինկթն կը Յորդորէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանն Աշխուժացնել Մինսքի Խումբի Գործընթացը

Ուաշինկթն կը Յորդորէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանն Աշխուժացնել Մինսքի Խումբի Գործընթացը

by MassisPost

Պաքուն երէկ՝ Մայիս 25-ին, կրկին պնդած է, թէ պատրաստ է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել ինքնիշխանութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման պարագային, որուն հետեւած  է Ուաշինկթոնի արձագանքը, թէ հաշտեցման համար անհրաժեշտ է ոչ միայն սահմաններու, այլեւ մնացած միւս բոլոր հարցերու լուծուիլը:

Քննարկումը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի նիստին: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Ճէյհուն Պայրամովը կրկին մեղադրած է հայկական կողմը տասնամեակներ շարունակ ղարաբաղեան խնդրի լուծումը ձգձելու մէջ ու պնդած, թէ վերջին պատերազմէն յետոյ, երբ Ատրպէյճանը վերականգնած է իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու հնարաւորութիւն ստեղծուած է: Այս շրջածիրէն ներս Պայրամով կարեւորած է Նոյեմբեր 9-ի եւ Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութիւնները, որոնք փաստացի բանակցուած եւ ստորագրուած են Ռուսաստանի միջնորդութեամբ` առանց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միւս համանախագահներուն:

Որպէս հաշտեցման նախապայման Պայրամով նշած է, որ Հայաստանը պէտք է ճանչնայ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններու անխախտելիութիւնը, աւելցնելով, որ նոյնն ալ պատրաստ է Ատրպէյճանը ընել Հայաստանի հանդէպ:

ԵԱՀԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը, ի պատասխան Պայրամովի, յայտարարած է, թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի վերջին զարգացումները կ’ընդգծեն, որ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու հաշտեցման ու յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելի է հասնիլ միայն համապարփակ համաձայնութեամբ, որ կը ներառէ մինչ օրս լուծում չստացած բոլոր խնդիրները: Ընդ որում, ամերիկացի դիւանագէտը ընդգծած է, որ այդ նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է վերստին աշխուժացնել Մինսքի խումբի գործընթացը: «Մենք կոչ կ’ընենք Հայաստանին ու Ատրպէյճանին` որքան հնարաւոր է արագ շփումներու մէջ մտնելու համանախագահներուն հետ, քննարկելու անոնց առաջարկները եւ միասնական որոշում կայացնելու այն օրակարգի շուրջ, որ կ’արտացոլէ կողմերու համար գերակայ հարցերը», – յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի առաքելութեան ներկայացուցիչ՝ Քորթնի Ի. Օսթրիան:

Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը կողմերուն կոչ ըրած է ամրապնդելու հրադադարը` աշխուժացնելով բոլոր ռազմագերիներու եւ ձերբակալուածներու վերադարձը, փոխանակելու ականազերծման համար անհրաժեշտ ողջ տեղեկատուութիւնը եւ վերացնելու արգելքը, որ կը խոչընդոտէ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ:

«Մենք կոչ կ’ընենք երկու կողմերուն խուսափելու ատելութիւն սերմանող կամ նուաստացնող հռետորաբանութենէն, հետաքննելու մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումներու կամ միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտումները եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու բոլոր մեղաւորները:

Այս քայլերը կայունութեան, արդարութեան ու պատասխանատուութեան անքակտելի մասն են», – ընդգծած է ԱՄՆ-ի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը:

Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանի վերջին միջադէպերուն` ԵԱՀԿ-ի մօտ Ուաշինկթոնի ներկայացուցիչը վերստին յոյս յայտնած է, որ Ատրպէյճանը ամբողջովին ետ քաշէ իր զինուորները, միեւնոյն ժամանակ նշած, որ այդ զարգացումները տեղի կ’ունենան վիճելի տարածքներու մէջ: «Յորդորում ենք կողմերուն թափանցիկութիւն դրսեւորել զինուորական որեւէ քայլ կատարելու ատեն: Ռազմական տեղաշարժերը վիճելի տարածքներու մէջ անհարկի սադրանք են: Մենք կ’ակնկալենք, որ Ատրպէյճանը ետ քաշէ իր բոլոր ուժերը, եւ կոչ կ’ընենք երկու կողմերուն անյապաղ բանակցութիւններ սկսիլ իրենց ընդհանուր սահմաններու սահմանազատման շուրջ», – ընդգծած է դեսպան Օսթրիանը:

Այս շրջածիրէն ներս նաեւ ամերիկացի դիւանագէտը կարեւորած է ԵԱՀԿ-ի դերը: «Միացեալ Նահանգները համոզուած է, որ իրավիճակի դիտարկումը ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի կողմէ կարեւոր է ողջ կազմակերպութեան, յատկապէս Հայաստանի ու Ատրպէյճանի համար եւ յաւելեալ թափանցիկութիւն կը հաղորդէ այս գործընթացին», – ըսած է Օսթրիան` յորդորելով Հայաստանին ու Ատրպէյճանին աջակցիլ Անճէյ Քասփրշիկի աշխատանքին, նաեւ` համաձայնութեան գալով վերջինիս պիւտճէի հաստատման շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment