Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Աւարտած է Արա Վարդանեանի Կողմէ Չարաշահումներու Գործով Նախաքննութիւնը

Աւարտած է Արա Վարդանեանի Կողմէ Չարաշահումներու Գործով Նախաքննութիւնը

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը տեղեկացնէ, որ քննչական բաժանմունքը աւարտած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախկին գործադիր տնօրէն՝ Արա Վարդանեանի կողմէ թոյլ տրուած չարաշահումներու կապակցութեամբ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը։

ԱԱԾ-ը նշած է, որ ձեռք բերուած են փաստական տուեալներ այն մասին, որ Արա Վարդանեան, 2009 թուականի Մայիս 18-էն մինչեւ 2018 թուականի Յուլիս 20-ը, գրաւելով Հայաստանի կողմէ հիմնադրուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, հիմնադրամի` առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքը իւրացնելու նպատակով տնտեսվարող կազմակերպութիւններէն մէկու տնօրէնի օժանդակութեամբ կազմած, հաստատած եւ ստորագրած է Արցախի շրջաններու եւ Ստեփանակերտ քաղաքի հանրակրթական դպրոցներուն ընդհանուր 292 միլիոն 833 հազար 540 դրամ արժողութեամբ կահոյք մատակարարելու վերաբերեալ կեղծ պայմանագիրներ, յանձնման-ընդունման կեղծ աքթեր, որոնց հիման վրայ հիմնադրամի հաշուէն ընկերութեան ընթացիկ հաշուին փոխանցուած է առանձնապէս խոշոր չափերու 292 միլիոն 833 հազար 540 դրամ, որն ալ փոխադարձ պայմանաւորուածութեան համաձայն, իւրացման եղանակով, յափշտակուած է, իսկ Արցախի շրջաններուն եւ Ստեփանակերտ քաղաքի հանրակրթական դպրոցներուն պայմանագիրով նախատեսուած գոյքը չէ մատակարարուած:

Բացի այդ, ըստ ԱԱԾ-ին, Արա Վարդանեան պաշտօնի բերումով հանդիսանալով կազմակերպական-տնօրինական ու վարչատնտեսական գործառոյթներով օժտուած պաշտօնատար անձ՝ 2014 թուականի Նոյեմբեր 21-ին «Քոնվերս պանք» փակ բաժնետիրական ընկերութեան հետ կնքած է վարկային քարտով սահմանաչափի տրամադրման գրաւի պայմանագիր, իսկ որպէս վարկի ապահովման միջոց՝ նոյն դրամատան մէջ գրաւ դրած է հիմնադրամի հաշւոյն գտնուող «Մոզիեան» ֆոնտի 28 միլիոն դրամ աւանդը եւ վարկային քարտով, մինչեւ 2019 թուականի Յունուար 15-ը մարման ժամկէտով, ստացած տարեկան 19,10 տոկոսադրոյքով 25 միլիոն դրամի վարկային գիծ: Այնուհետեւ իր պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելու դիտաւորութեամբ եւ շահադիտական նպատակներով հիմնադրամին պատկանող դրամական միջոցներու մէկ մասը օգտագործած է ոչ թէ կանոնադրութեամբ սահմանուած նպատակներով, այլ իր անձնական կարիքներուն համար, այն է՝ միասնական դիտաւորութեամբ, 2016 թուականի Յունուար 8-էն 2018 թուականի Յունիս 29-ը ժամանակահատուածին, www.pokerstars.com եւ www.quasargaming.com առցանց խաղատուներու մէջ խաղադրոյք կատարելու նպատակով, ինչպէս նաեւ անձնական այլ կարիքները հոգալու համար վերը նշուած քարտի հաշւոյն առկայ վարկային գիծի դրամական միջոցներէն խաղատուներու հաշուեհամարներուն փոխանցած կամ կանխիկացուցած է ընդհանուր 136.754.357,29 դրամ, եւ նշուած գործարքներուն դիմաց դրամատունը որպէս միջնորդավճար գանձած է ընդհանուր 230.479,94 դրամ:

Ինչպէս ծառայութիւնը նշած է, նշուած գործողութիւններով Արա Վարդանեան էական վնաս պատճառած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, ինչ որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ, այն է՝ հիմնադրամի հաշւոյն գտնուող «Մոզիեան» ֆոնտի 28 միլիոն դրամ աւանդը գրաւ դրուած է «Քոնվերս պանք» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մէջ, որու հետեւանքով այդ ընթացքին հիմնադրամը զրկուած է այդ գումարը ընկերային, բարեգործական, մշակութային, կրթական, գիտական, առողջապահական, բնապահպանական կամ այլ հանրօգուտ նպատակներուն ծառայեցնելու հնարաւորութենէն, ինչպէս նաեւ արատաւորած է հիմնադրամի բարի համբաւն ու հեղինակութիւնը, ինչով պայմանաւորուած հետագայ տարիներուն զգալի չափով պակաս գումար հանգանակուած է հիմնադրամին:

Նկարագրուած արարքները կատարելու համար, նախաքննութեամբ ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան պայմաններով, վարոյթը կատարող մարմնի կողմէն իւրացման եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գումար յափշտակելու, առանձապէս խոշոր չափերու յափշտակութեան օժանդակելու, պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու, պաշտօնեկան կեղծիք կատարելու մեղադրանքներով քրէական հետապնդումներ յարուցուած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախկին գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի եւ տնտեսվարող կազմակերպութեան տնօրէնի նկատմամբ:

ԱԱԾ-ը նշած է, որ 2021 թուականի Ապրիլ 13-ին քրէական գործը, վերոնշեալ 2 անձանց մասով մեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուած է նախաքննութեան նկատմամբ դատավարական ղեկավարում կատարող դատախազին՝ մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու եւ գործը ըստ էութեան քննութեան առնելու համար դատարան ուղարկելու նպատակով։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment