Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ռոպերթ Քոչարեանը ու Միւսները Արդարացնելու Որոշումը կը Բողոքարկուի, Յայտարարած է Սաֆարեան

Ռոպերթ Քոչարեանը ու Միւսները Արդարացնելու Որոշումը կը Բողոքարկուի, Յայտարարած է Սաֆարեան

by MassisPost

Մարտ 1-ի զոհերու հարազատներն ու անոնց շահերը պաշտպանողները գործի բացայայտման էջը փակուած չեն համարեր։ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) առջեւ այսօր կազմակերպուած բողոքի հաւաքի ընթացքին, փաստաբան՝ Սեդա Սաֆարեան յայտարարեց, որ իրենք պատրաստ են բողոքարկել երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանը ու նախկին ենթակաները արդարացնելու որոշումը։

Նախկին նախագահն ու անոր նախկին երեք ենթակաները շուրջ մէկ շաբաթ առաջ արդարացուեցան, քանի որ զիրենք մեղսագրող սահմանադրական կարգը տապալելու յօդուածը բարձր դատարանի կողմէն անվաւեր ու հակասահմանադրական ճանաչուած էր ։

«Մենք չենք զլանայ, կը բողոքարկենք այս որոշումները, մենք կ’ունենանք եւրոպական դատարաններում վճիռներ տասնեակների եւ հարիւրների հասնող այս գործով, որովհետեւ դատարանը ստիպուած է արձանագրել, որ իրաւական պաշտպանութեան միջոց Հայաստանի Հանրապետութեան տուժողները չեն ունեցել», – ըսաւ Սաֆարեան։

«Մենք չենք յուսահատուել, որ Մարտի 1-ն ամբողջովին փակուելու է, ոչ, ընտրութիւններ են լինելու եւ շատ հանգամանքներ են բացայայտուելու», – ընդգծեց 2008-ի Մարտ 1-ին զոհուած Գոռ Քլոյեանի հայրը՝ Սարգիս Քլոյեան:

Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները իրենց պաշտպանեալը արդարացնելէ ետք, անոր դէմ նոր մեղադրանք ներկայացնելը անօրինական կը համարեն։ Փաստաբան՝ Գէորգ Գէոզալեան եւս կը կարծէ, որ Քոչարեանին նոյն արարքի համար նոր մեղադրանք չեն կրնար առաջադրել։ Կայ նոյն արարքի համար կրկին դատուելու անթոյլատրելութեան սկզբունք, ըսած է իրաւաբանը։ Ըստ Գէոզալեանին, չկայ տարբերութիւն՝ ամբաստանեալը արդարացուած է Սահմանադրական դատարանի որոշմամբ, թէ գործի քննութեամբ: Կայ մէկ փաստ՝ անոր վերագրուած յօդուածը անորոշ է եւ չի կրնար այդ տեսքով գոյութիւն ունենալ:

Դատաիրաւական համակարգի դէմ այսօր՝ Ապրիլ 14-ին կազմակերպուած բողոքի հաւաքին կը մասնակցէր նաեւ Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր, «Յանուն հանրապետութեան» կուսակցութեան հիմնադիր՝ Արման Բաբաջանեան։ Ան կը պնդէր, թէ՝ 2018-ի յեղափոխութենէն 3 տարի յետոյ Մարտ 1-ի գործով այդպէս ալ ամբողջ ճշմարտութիւնը երեւան չելաւ:

«Միայն այդ ճշմարտութեան բացայայտմամբ մենք կարող ենք յստակ, պարզ ճակատով ասել, որ մեր երկրում այլեւս անհնար է նոր Մարտի 1», – ըսաւ Բաբաջանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment