Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Իսքանտարներ»ու Կիրառման Մասին Ճիշդ Զեկուցում Չէ Տրուած Վարչապետ Փաշինեանին

«Իսքանտարներ»ու Կիրառման Մասին Ճիշդ Զեկուցում Չէ Տրուած Վարչապետ Փաշինեանին

by MassisPost

«Իսքանտարի» մասին Հայաստանի վարչապետի օրեր առաջ ըրած յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր Մոսկուայի մէջ: Այսօր՝ Մարտ 1-ին,  Հայաստանի վարչապետի խօսնակը յայտարարած է, թէ Նիկոլ Փաշինեան եւ ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին վերջերս կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու քննարկած են նաեւ Հայաստանի կողմէ «Իսքանտար» համակարգի կիրառման վերաբերեալ վարչապետի յայտարարութիւնը:

«Հայաստանի վարչապետն առկայ փաստերի եւ տուեալների համադրութեան արդիւնքում եկել է եզրակացութեան, որ իրեն այս իրավիճակի առնչութեամբ ճիշդ չի զեկուցուել», – ըսած է Մանէ Գէորգեան:

Յիշեցնենք, որ նոյն այս ձեւակերպումը աւելի վաղ օգտագործած էր Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը` յայտարարելով, թէ ՀՀ վարչապետին մոլորութեան մէջ ձգած են, եւ իրականութեան մէջ պատերազմի ժամանակ «Իսքանտար» չեն օգտագործուած:

«Աւելին՝ վարչապետի յայտարարութիւնը ոչ մի կապ չունի ռազմական եւ ռազմարդիւնաբերական համագործակցութեան ոլորտում հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւնների բովանդակութեան ու որակի հետ: Կասկած չի յարուցում եւ այն հանգամանքը, որ ռուսական զէնքը լաւագոյններից է աշխարհում: Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է սերտ համագործակցութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ ռազմական արդիւնաբերութեան եւ բարձր արհեստագիտութիւնների ոլորտներում եւ մտադիր է քայլեր ձեռնարկել այն էլ աւելի խորացնելու ուղղութեամբ»,- նշած է Փաշինեանի խօսնակը:

«Շատ կարեւոր է, որ ճշմարտութիւնն այս հարցում վերականգնուեց», – այսօր ի պատասխան ըսած է ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment