Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հանրապետութեան Նախագահը Չի Ներկայացներ Որեւէ Քաղաքական Ուժի Շահերը»․ Արմէն Սարգսեան

«Հանրապետութեան Նախագահը Չի Ներկայացներ Որեւէ Քաղաքական Ուժի Շահերը»․ Արմէն Սարգսեան

by MassisPost

«Հանրապետութեան նախագահը սեւ կամ սպիտակ չէ», – յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը։

Նախագահականը Մարտ 1-ին յայտարարութիւն տարածած է, ուր ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետ՝ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ իր առարկութեան յաջորդած արձագանգները անուանած է անթոյլատրելի շահարկումներ։

«Հանրապետութեան նախագահն իր գործառոյթներն իրականացնում է միմիայն Սահմանադրութեամբ սահմանուած լիազօրութիւնների միջոցով, անաչառօրէն եւ որոշումները կայացնում է՝ առաջնորդուելով բացառապէս համազգային եւ համապետական շահերով: Հանրապետութեան նախագահը չի ներկայացնում որեւէ քաղաքական ուժի շահերը, սեւ կամ սպիտակ չէ, եւ այդ առումով անթոյլատրելի եւ անընդունելի է ցանկացած շահարկում», – ըսած է տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

Նախագահը նաեւ վերահաստատած է, որ պատրաստ է բանակցութիւններու սեղանի շուրջ համախմբել քաղաքական ուժերը՝ տարաձայնութիւնները հարթելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներ գտնելու նպատակով․ – «Հանրապետութեան նախագահի՝ պետութեան գլխի կարեւորագոյն առաքելութիւնն է հետեւել Սահմանադրութեան պահպանմանը եւ նախագահի հիմնարկը ծառայեցնել որպէս բանակցելու եւ երկրում ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման ուղիներ գտնելու հարթակ»:

Այսօր վարչապետ Փաշինեան այցելած է նախագահ Սարգսեանը։ Ըստ նախագահականի տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան, Արմէն Սարգսեան վատառողջ է, եւ Փաշինեան զինք տեսնելու գացած է ։

«Բնականաբար, Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետն անդրադարձել են նաեւ երկրի ներքաղաքական իրավիճակին», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

Այլ մանրամասնութիւններ չկան։

Փետրուար 27-ին,  Արմէն Սարգսեան առարկութիւններով վերադարձուցած էր Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը՝ Գլխաւոր շտաբի պետին պաշտօնանկ ընելու վերաբերեալ՝ այն հիմնաւորմամբ, որ առաջարկը առերեւոյթ կը հակասէ Սահմանադրութեան։ Նախագահի առարկութիւնը հրապարակուեցաւ, ուր ան յղում կ’ընէ «Պաշտպանութեան մասին» օրէնքին, որով Գլխաւոր պետը կը նշանակուի հինգ տարիով, եւ վաղաժամկէտ պաշտօնանկութեան կարգ սահմանուած չէ։ Նախագահը նաեւ շեշտած է, որ վարչապետի ու կառավարութեան հրաժարականը պահանջող Գլխաւոր շտաբի պետի յայտարարութեան միացած են չորս տասնեակէն աւելի բարձրաստիճան զինուորականներ, եւ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելը կարող է յանգեցնել այդ կառոյցի բնականոն գործունէութեան խաթարման, անկէ բխող սահմանադրական վտանգներով։

Վարչապետը նախագահի այս առարկութեան կարճ արձագանգեց․ պարզապէս կրկնեց Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու իր առաջարկը՝ ակնկալելով, որ այս անգամ կը ստորագրուի։

Ըստ Սահմանադրութեան, այժմ նախագահը այսօրուընէ սկսեալ եռօրեայ ժամկէտով կա՛մ պէտք է ստորագրէ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու հրամանագիրը, կա՛մ դիմէ Սահմանադրական դատարան։

Արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Բադասեան բոլորովին հիմնաւոր չի համարեր նախագահի առարկութիւնները․ – «Կոպիտ ձեւով խախտուել է Սահմանադրութեան 14-րդ յօդուածը, որը Զինուած ուժերի ապաքաղաքականացուածութեան սկզբունքն է ամրագրում եւ ամրագրում է շատ աւելի կարեւոր մի սկզբունք, ըստ որի Զինուած ուժերը քաղաքացիական վերահսկողութեան ներքոյ են»։

Ըստ Բադասեանի, Սահմանադրութեան կոպիտ խախտումը նախագահը ոչ միայն չի կանխեր, այլեւ կը շարունակէ, այնինչ Սահմանադրութեան պահպանմանը հետեւելու գործառոյթ ունի։ Արդարադատութեան նախարարը նախագահի որոշման տակ իրաւական հիմք չի տեսներ, կ’ենթադրէ, որ կայ քաղաքական հիմք․ – «Եթէ իրաւական ենթաթեքսթ չկայ, եթէ իրաւական հիմնաւորում ուղղակի առերեւոյթ է բերւում․․․ առաջարկը ոնց որ թէ հակասում է։ Ինչի՞ն է հակասում, ինչո՞վ է հակասում, ինչ հիմնաւորմամբ է հակասո՞ւմ․․․ ուրեմն, ինձ թւում է, ցանկացած անձ կարող է եզրայանգել, որ իրաւական հիմքից զուրկ գործողութիւն է, ուրեմն ունի այլ ենթաթեքսթ, այդ թւում՝ քաղաքական»։

Այսօր վարչապետի գլխաւորութեամբ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարուած է։ Խորհուրդը դատապարտած է զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու բոլոր փորձերը եւ նախագահին առաջարկած է ստորագրել Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու վարչապետի առաջարկած հրամանագրի նախագիծը։

Այս նիստի վերաբերեալ տեսանիւթ տարածուած է։ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին չէ մասնակցած այս խորհուրդի անդամ՝ Օննիկ Գասպարեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment