Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մարուքեան Արձագանգած Է Երրորդ Նախագահին․ «Ինչո՞ Ւ Միլիոնաւոր Տոլարներ Կը Ծախսուէին Տարածքներու Վրայ, Որոնք Պէտք Է Փոխանցուէին Ատրպէյճանին»

Մարուքեան Արձագանգած Է Երրորդ Նախագահին․ «Ինչո՞ Ւ Միլիոնաւոր Տոլարներ Կը Ծախսուէին Տարածքներու Վրայ, Որոնք Պէտք Է Փոխանցուէին Ատրպէյճանին»

by MassisPost

Հայաստանի երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի երէկուայ՝ Փետրուար 16-ի յայտարարութիւններուն կարմիր թելով կ’անցնէր այն միտքը, որ բանակցութիւններու ողջ ընթացքին բոլոր հնարաւոր լուծումներով ենթադրուած էր 5+2 շրջաններու փոխանցումը Ատրպէյճանին, այսօր ընդգծած է Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան նշելով, որ եթէ այդ այդպէս էր, ապա ինչո՞ւ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսուէին Կովսականի (Զանգիլան), յարակից գիւղերու, Սանասարի (Կուբաթլու) վրայ, նոր քաղաք կը կառուցուէր Արաքս գետին վրայ (Արաքսաւան), ահռելի ծախսեր կը կատարուէին Մեխակաւանի (Ճապրայիլ) վրայ եւ այլն։

Մարուքեանի համոզմամբ, այնպէս եղած էր, որ քաղաքացիի հարկերը եւ սփիւռքէն եկող գումարները կը ծախսուէին տարածքի մը վրայ, զոր կը նախատեսուէր փոխանցել Ատրպէյճանին։

«Այսինքն, մենք այնքան հարուստ էինք, որ նրանց համար քաղաքներ ու գիւղեր էինք կառուցում։ Աւելին, մի քանի հարիւր միլիոն տոլարի վարկային պորտֆելներ (թղթապանակներ) են տրամադրուել Քաշաթաղի (Լաչին) եւ Քարվաճառի (Քելբաջար) շրջաններում գործարարութիւն իրականացնելու համար (հիմնականում՝ ՀԷԿ-եր)։ Արդեօ՞ք իմաստ կար պետութեան երաշխիքով դրամատներից ահռելի վարկեր վերցնել, եթէ դրանք միեւնոյն է՝ պէտք է փոխանցուէին Ատրպէյճանին։ Ի՞նչ նպատակով են իրականացուել այս բոլոր ծախսերը, եթէ դրան զուգահեռ բանակցութիւններ էին գնում 5+2 շրջանները յանձնելու վերաբերեալ», – դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Մարուքեան։

Երէկ «Արմնյուզ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին, Սերժ Սարգսեան ըսած էր, որ երրորդ ժամկէտով ստանձնած էր երկրի ղեկավարումը, որպէսզի Ղարաբաղի հարցը լուծեր։ Երրոդ նախագահը անդրադարձած էր խնդրի կարգաւորման՝ նախապէս քննարկուած տարբերակներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment