2020 թուականին ՀՀ-էն ֆիզիքական անձերու կողմէ ԱՄՆ փոխանցուած է 162 միլիոն 326 հազար տոլար։ Նշենք, որ 2019-ին փոխանցուած էր 274 միլիոն 974 հազար տոլար։
Փոխարէնը աճած են ԱՄՆ-էն Հայաստան փոխանցուած միջոցները։ Այսպէս, 2020 թուականին ԱՄՆ-էն ֆիզիքական անձերու կողմէ դրամատուներու միջոցով Հայաստան փոխանցումները կազմած են 458 միլիոն 720 հազար տոլար՝ 2019 թուականի 280 միլիոն 911 հազարի փոխարէն։
Ընդ որում, ԱՄՆ-էն Հայաստան փոխանցումներուն թիւը 2020-ին ամէնէն մեծն է՝ սկսած 2004 թուականէն։
Զուտ ներհոսքը դրական է:
Զուտ ներհոսքը ֆիզիքական անձերու միջոցով Հայաստանէն փոխանցուած եւ արտասահմանեան երկիրներէն Հայաստան փոխանցուած գումարներու տարբերութիւնն է։
2020-ին զուտ նորհոսքը դրական եղած է 574 միլիոն 339 հազար տոլարով կամ 280 միլիառ 843 միլիոն դրամով։
Ասոնց կարգին՝ Ռուսաստանի պարագային զուտ ներհոսքը կազմած է 364 միլիոն 767 հազար տոլար, ԱՄՆ պարագային զուտ ներհոսքը կազմած է 296 միլիոն 394 հազար տոլար։