Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Սարգսեան կը Նախատեսէ Առաջիկային, «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդը Հրաւիրել Արտահերթ Նիստի

Արմէն Սարգսեան կը Նախատեսէ Առաջիկային, «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդը Հրաւիրել Արտահերթ Նիստի

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային հանդիպում ունեցած է Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Հայկակ Արշամեանի հետ:

Հանդիպման քննարկուած են հիմնադրամի կողմէ իրագործուող եւ առաջիկայ ծրագիրները, անոնց կարգին՝ Արցախի մարդասիրական օժանդակութեան նախագիծերը:

Ըստ նախագահի գրասենեակին, Արմէն Սարգսեան կարեւորած է աշխարհասփիւռ հայութեան հանգանակած եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրաբերած միջոցներու արդիւնաւէտ, պատասխանատու եւ նպատակային ծախսումը, ծրագիրներու իրագործման ընթացակարգերու եւ ժամկէտներու խստագոյնս պահպանումը, հիմնադրամի գործունէութեան թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը եւ կառոյցի հանդէպ վստահութիւնը:

Սարգսեան նշած է, որ առաջիկային կը նախատեսէ հրաւիրել հոգաբարձուներու խորհուրդը արտահերթ նիստի՝ Հիմնադրամի կառավարման եւ գործունէութեան հետ կապուած խնդիրները քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու նպատակով:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարեվերջին Արմէն Սարգսեան պաշտօնական նամակով դիմած էր հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն՝ նշելով, որ Կառավարութիւնը պէտք է յստակ, մանրամասն եւ թափանցիկ հաշուետուութիւն ներկայացնէ հիմնադրամի փոխանցած միջոցներով կատարուած ծախսերու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment