Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան կը Շարունակէ Բարելաւել Դիրքերը Քորուփցիայի Ընկալման Համաշխարհային Ցուցակին Վրայ

Հայաստան կը Շարունակէ Բարելաւել Դիրքերը Քորուփցիայի Ընկալման Համաշխարհային Ցուցակին Վրայ

by MassisPost

Հայաստան Քորուփցիայի ընկալման 2020 թուականի համաշխարհային ցուցակին վրայ 60-րդ տեղը գրաւած է։ Այս հորիզոնականը 49 միաւորով Հայաստան կը կիսէ Յորդանանի եւ Սլովաքիոյ հետ։ Նախորդ տարուայ համեմատ այս տարի երկիրը դիրքերը բարելաւած է 17 հորիզոնականով եւ 7 միաւորով։

Ցուցակը կ’օգտագործէ 100-նիշանոց սանդղակ, ուր 100 միաւորով կը գնահատուի քորուփցիայէն ամբողջութեամբ զերծ միջավայրը, իսկ 0-ն քոռուփցիայի ամենաբարձր ցուցանիշն է։ 2020 թուականի ուսումնասիրութեան՝ 180 երկիրներու եւ տարածքներու համար արձանագրուած միջին միաւորը 43 է։

Յունուար 28-ին հրապարակուած զեկոյցի մէջ նշուած է, որ 2020 թուականը նորագոյն ժամանակաշրջանի վատագոյն տարին էր, ինչպէս նաեւ արձանագրուած է, որ համատարած քորուփցիան կը թուլացնէ «Քորոնա» ժահրի հակազդումը, կը խարխլէ առողջապահական համակարգերը եւ կը վտանգէ համաշխարհային վերականգնումը։

«Covid-19-ը միայն առողջապահական եւ տնտեսական ճգնաժամ չէ։ Այն նաեւ քորուփցիայի ճգնաժամ է։ Եւ ներկայիս մենք կը ձախողեցնենք այդ ճգնաժամի կառավարումը», – յայտարարած է «Թրանսփարենսի Ինթըրնաշընըլ»-ի ղեկավար՝ Տելիա Ֆերեյրա Ռուպիոն։

Համաձայն զեկոյցին՝ աշխարհի երկիրներու երկու երրորդը կը շարունակեն 50-էն պակաս միաւոր ունենալ քորուփցիայի հակազդման համաթիւին մէջ։

Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանէն ներս ամէնէն բարձր ցուցանիշը հարեւան Վրաստանը արձանագրած է. այն 56 միաւորով ցանկի 45-րդ տեղը գրաւած է։

Ռուսաստանը եւ Ատրպէյճանը միասին կը կիսեն ցանկի 129-րդ հորիզոնականը՝ իւրաքանչիւրը 30 միաւորով։

Համաթիւի առաջատարները կը շարունակեն մնալ Դանիան եւ Նոր Զելանտան՝ իւրաքանչիւրը ունենալով 88 միաւոր։ Ներկայիս ամէնէն քոռումփացուած երկիրները, ըստ «Թրանսփարենսի Ինթըրնաշընըլ»-ի, Սոմալին եւ Հարաւային Սուտանն են՝ 12-ական միաւորով։ Վատագոյն եռեակին մէջն է նաեւ Սուրիան։

2017 թուականին Հայաստան ցուցակին վրայ գրաւած էր 107-րդ հորիզոնականը 35 միաւորով

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment