Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեան կը Մասնակցի Ընտրութիւններուն, Երբ Որ Ալ Անոնք Կազմակերպուին

Ռոպերթ Քոչարեան կը Մասնակցի Ընտրութիւններուն, Երբ Որ Ալ Անոնք Կազմակերպուին

by MassisPost

Հայաստանի երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է, որ պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն, որեւէ ատեն որ անոնք կազմակերպուին։ Այդ մասին նախկին նախագահը ըսած է Յունուար 27-ի ուշ երեկոյեան, երեք լրատուամիջոցներու տուած հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով այն հարցին, թէ ընթացիկ եւ ապագայ գործընթացներուն ինչպէս պիտի մասնակցին։

«Ունենք քաղաքական պայքարի համար անհրաժեշտ ամբողջ գործիքակազմը, կայ նաեւ խումբ։ Ինչ վերաբերում է ընտրութիւններին, ապա, ի հարկէ, շատ աւելի ճիշդ կը լինէր, որ լինէր մի ուշացում, որի ընթացքում վիճակը հնարաւոր կը լինի կայունացնել եւ շատ աւելի հանգիստ միջավայրում կազմակերպել ընտրութիւններ։ Որովհետեւ այսօր արտահերթ ընտրութիւնները՝ այս մթնոլորտում, այս հակասութիւնների, անորոշութիւնների, շատ զգայուն հարցերի վերաբերեալ պատասխանների բացակայութեան պարագայում, իսկապէս վտանգաւոր է։ Դրա համար ճիշդը այդ ձեւաչափն է, այդ ուշացումն  է, յետոյ՝ արտահերթ ընտրութիւններ, եւ այստեղ, ի հարկէ, միանշանակ եմ մասնակցելու», – նշեց նախկին նախագահը՝ աւելցնելով․ – «Բայց, այնուամենայնիւ, եթէ իշխանութեանը յաջողուի պարտադրել ընտրութիւնները աւելի արագ, իսկ իրենք ոնց որ այդ ձայները ունեն խորհրդարանում, ապա եւս չեմ կարծում, որ ճիշդը չմասնակցելն է, կարծում եմ՝ մասնակցելը ճիշդ է։ Հակառակ դէպքում, մենք հնարաւորութիւն կու տանք այս մարդկանց վերահաստատել իրենց իշխանութիւնը»։

Ընդգծելով, որ կը հասկնայ նաեւ «այս հարցի հետ կապուած բոլոր խնդիրները՝ թերահաւատութիւնը, որ կեղծելու են, որ օրինականութիւնն են փորձում վերահաստատել», Քոչարեան շարունակեց․ – «Այս ամէնը կայ, եւ կիսում եմ այդ մտահոգութիւնը։ Բայց եթէ չյաջողուի, կրկնեմ այս միտքը, ունենալ այդ անհրաժեշտ ուշացումը երկրի համար, եթէ այս մարդիկ չեն հասկանում, որ այս պայմաններում ընտրութիւնները վտանգաւոր են երկրի համար, եւ այնուամենայնիւ գնան այդ քայլին, ընտրութիւններում իրենց մենակ թողնել, այսպէս, հանրութեան հետ, ուղղակի չեմ կարծում, որ ճիշդ է։ Դրա համար, իրօք, մասնակցելու ենք եւ կրելու ենք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment