Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Տաւուշի Մարզի Սահմանապահ Համայնքներ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Տաւուշի Մարզի Սահմանապահ Համայնքներ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ այցելած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ համայնքներ: Կառավարութեան ղեկավարին ուղեկցած են Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Սուրէն Պապիկեան, Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան եւ Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահի պարտականութիւնները կատարող՝ Արմէն Ղուլարեան:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Յակոբեան նախ եղած են Չինարի համայնքը, ուր հանդիպած են տեղւոյն բնակիչներուն հետ, լսած անոնց խնդիրներն ու պատասխանած տարբեր հարցերուն:

pashinyan-tavush-1

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է յուլիսեան յաղթական մարտերու կապակցութեամբ: Ան ըսած է թէ Զինուած ուժերը եթէ չիմանային, որ իրենք ամուր թիկունք ունին, այդքան ուժեղ եւ դուխով չէին ըլլար:

«Երկրորդն էլ, այո՛, մեր վերաբերմունքն այն է, որ այս իրավիճակներում պետութիւնը պէտք է կարողանայ իր պարտաւորութիւնները յստակ կատարել: Մեր պետական աջակցութիւնն ընդհանրապէս պէտք է կազմակերպենք այնպէս, որ մարդկանց ոչ թէ զրկի որեւէ բան անելու  շարժառիթից, այլ հակառակը՝ քաջալերի: Որովհետեւ հիմա, այսպէս ասած, «բարեգործական» տրամաբանութիւնը շատ յաճախ վնասակար է: Շատ կարեւոր է, որ մենք կարողանանք պետութեան եւ քաղաքացու պարտաւորութիւնների ճիշդ հաւասարակշռութիւն ձեւակերպել՝ ի՞նչն է պետութեան պարտաւորութիւնը, ի՞նչն է քաղաքացու պարտաւորութիւնը: Մենք պէտք է արձանագրենք մի բան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում բոլոր խնդիրները լուծելու ձեւը աշխատանքն է: Մեզնից իւրաքանչիւրը պէտք է ինքը փորձի աշխատանքով իր տուած պատասխանատուութեան շրջանակում իր հարցը լուծել: Եւ այստեղ էլ պէտք է պետութիւնը քաղաքացուն աջակցի, քաղաքացին էլ` պետութեանը», – նշած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ առանձնայատուկ քաղաքականութիւն պէտք է  սահմանապահ գիւղերու նկատմամբ:

Խօսելով սահմանապահ գիւղերու համար ստեղծուող հնարաւորութիւններու մասին` կառավարութեան ղեկավարը ըսած է, որ փոփոխութիւն կատարուած է այստեղ աշխատող կանանց համար. վերջիններս երեխայ ունենալու պարագային ամսական կը ստանան 50000 դրամ՝ որպէս երեխայի խնամքի վճար, իսկ չաշխատող մայրերը՝ 26000:

pashinyan-tavush-3

Վարչապետը ընդգծած է, որ յուլիսեան յաղթանակը պէտք է դարձնել Չինարիի վերածնունդի եւ ընդհանրապէս սահմանապահ գիւղերու վերածնունդի հարց: «Մենք մեր խեղճութիւնը պէտք է յաղթահարենք: Ու սա է այսօրուայ ամենակարեւոր իմաստը: Որովհետեւ յաղթած ժողովուրդը պէտք է ինքն իր ներսում սկսի ապրել որպէս յաղթանակած: Դա սեղանի պարունակութեան հետ կապ չունի, դա գրպանի պարունակութեան հետ կապ չունի: Դա, առաջին հերթին, հոգեվիճակն է: Այդ հոգեվիճակը որ գալիս է, մնացածը հերթով կը կարգաւորուի», – շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը եւ տիկին Յակոբեան այցելած են Չինարիի բնակիչներէն մէկուն նոր տան կառուցման շինարարական հրապարակ, որ կառավարութեան յատկացուցած միջոցներով այժմ կը կառուցուի եւ ծանօթացած աշխատանքներու ընթացքին: Չինարիի մէջ արդէն իսկ աւարտած են 12 բնակարաններու վերանորոգման աշխատանքները, որոնք տուժած էին հրետակոծութենէն:

Այնուհետեւ վարչապետն ու Աննա Յակոբեան այցելած են Մովսէս համայնք: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը հանդիպած են բնակիչներուն հետ, ուր քննարկուած է գիւղին մէջ կատարուող ճանապարհաշինական աշխատանքներու ընթացքը:

pashinyan-tavush-4

Նիկոլ Փաշինեանի յաջորդ կանգառը եղած է սահմանապահ Այգեպարը։ Այստեղ կը հիմնանորոգուին կամ ամբողջովին կը վերակառուցուին հրետակոծութենէն փուլ եկած եւ վնասուած տուները, որոնց թիւը կը հասնի երեք տասնեակի, կուպրապատուած են համայնքի բոլոր փողոցները։

Վարչապետը շրջայցի ընթացքին ծանօթացած է շինարարական աշխատանքներու ընթացքին եւ շնորհակալութիւն յայտնած այգեպարցիներուն՝ սահմանապահի առաքելութիւնը պատւով կրելու համար։ Ներկայացուած են նաեւ Այգեպարի դպրոցի նոր ապաստարանի կառուցման աշխատանքները:

Կառավարութեան ղեկավարը եղած է նաեւ Ներքին Կարմիրաղբիւր համայնք, ուր ծանօթացած է «Մայրիկ» անունը կրող պուրակ-խաղաղահրապարակի կառուցման եւ հրետակոծութենէն վնասուած 8 բնակարաններու վերանորոգման աշխատանքներուն:

Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ հետ եղած է նաեւ Բերդի ամրոց, ուր կը կատարուին պեղումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment