Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 62-ով, Բուժուածներունը՝ 32-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 62-ով, Բուժուածներունը՝ 32-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ անցեալ մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 62-ով՝ հասնելով 44 845-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 3 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Սեպտեմբեր 7-ի կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 32-ով եւ հասած  40 121-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1038 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 219 177-ի:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 900-ի, եւս 275 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով: Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ բոլոր հիւանդները ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 3549 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment