Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

by MassisPost

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթէն կ՛իմանանք թէ Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր, 2020ին, տեղի ունեցած է աւանդութիւն դարձած Աղթամարի տարեկան ուխտագնացութիւնը: Այս առթիւ 25 հոգինոց շքախումբ մը ժամանած է Պոլիսէն Վան, գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Արք. Մաշալեանի:

Օր մը առաջ, Շաբաթ առաւօտուն, Նորին ամենապտւութիւն պատրիարք հայրը, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած է Վանի կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզին: Կուսակալը բարի գալուստ մաղթելէ ետք շնորհաւորած է պատրիարքը իր ընտրութեան առթիւ եւ շեշտած է որ պատարագները պէտք է շարունակուին, պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան եւ տրուած դիւրութիւններուն համար: Այս առթիւ կատարուած է նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Կիրակի օրուան պատարագին պատրիարք հայրը հրաշափառ երգեցողութեամբ մուտք գործած է Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ Մայր տաճարէն ներս: Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան: Ս. Պատարագին ներկայ էին Վանի կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիմէզ, Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնը ու այլ պաշտօնեաներ:

Պատրիարք հայրը նախ հայերէն եւ ապա թրքերէն լեզուով քարոզած է «Զօրութիւն սուրբ Խաչի քո Քրիստոս» բնաբանով: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցած է հոգեհանգիստ ի յիշատակ վախճանեալ կաթողիկոսներու եւ հոգեւորականներու:

Համաճարակի պատճառով այս տարի ուխտաւորներ եւ ժողովուրդ ներկայ չեն գտնուած պատարագին: Սակայն ամբողջ արարողութիւնը համացնացի միջոցով սփռուած է ուղղակի հաղորդումով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment