Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սեւրի Պայմանագիրը կը Շարունակէ Գոյութիւն Ունենալ Որպէս Պատմական Փաստ. Վարչապետ Փաշինեան

Սեւրի Պայմանագիրը կը Շարունակէ Գոյութիւն Ունենալ Որպէս Պատմական Փաստ. Վարչապետ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ յղած է Սեւրի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեայ տարեդարձին նուիրուած գիտաժողովի մասնակիցներուն:

Վարչապետը ուղերձին մէջ նշած է, որ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը նշանակալից տեղ կը գրաւէ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ. «Ուստի յոյժ կարեւոր է, որ մէկ դար առաջ կնքուած այդ փաստաթղթի, դրան նախորդած իրադարձութիւնների եւ յաջորդած զարգացումների մասին մեր գիտնականների անկողմնակալ վերլուծութիւնները հասանելի լինեն թէ՛ մեր ժողովրդին եւ թէ՛ միջազգային լայն հանրութեանը: Այսօրուայ գիտաժողովը ծառայում է հենց այդ նպատակին, եւ ես յաջողութիւն եմ մաղթում դրա աշխատանքներին՝ ցանկանալով բոլորին արգասաբեր քննարկումներ եւ նոր կարեւոր բացայայտումներ»:

Սեւրի պայմանագիրը պատմական փաստ է, ընդգծած է Փաշինեան՝ շարունակելով. – «Այն մնում է այդպիսին մինչ այսօր: Ինչո՞վ է այդ փաստաթուղթը հայ ժողովրդի համար կարեւոր: Ինչու՞ է այն առ այսօր մեր ուշադրութեան կեդրոնում»:

Վարչապետը ընդգծած է նաեւ թէ Նախ՝ Սեւրի պայմանագիրը կնքուեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի արդիւնքներու հիման վրայ, անոր աւարտէն շուրջ երկու տարի ետք: Ինչպէս Վերսայի պայմանագիրը խաղաղութիւն կը հաստատէր Եւրոպայի մէջ, այնպէս ալ Սեւրի պայմանագիրը՝ Օսմանեան կայսրութեան նախապէս պատկանող Առաջաւոր Ասիայի տարածքներուն մէջ: Ան նոր սկզբունքներ ու արժէքներ կը ներմուծէր, ոչ միայն խաղաղութիւն, այլ նաեւ արդարութիւն կը հաստատէր: Ան վերջ կը դնէր կայսրութիւններու պարտադրած դարաւոր ստրկութեան եւ ազատութիւն ու անկախութիւն կը պարգեւէր տարածաշրջանի ժողովուրդներին:

Երկրորդ՝ Սեւրի պայմանագիրը միջազգային այն փաստաթուղթն է, որ ճանաչեց եւ ամրագրեց Հայաստանի անկախութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդէս կու գար, որպէս այդ փաստաթուղթի իրաւահաւասար կողմ: Անկախութեան կորուստէն դարեր ետք Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին անգամ աշխարհի մեծ տէրութիւններու հետ մէկտեղ կը կնքէին միջազգային պայմանագիր:

Երրորդ՝ Սեւրի պայմանագիրը իր 89-րդ յօդուածով կը փաստէր եւ կ’ամրագրէր հայ ժողովուրդի պատմական անվիճելի առնչութիւնը Հայկական լեռնաշխարհին հետ, ուր հազարամեակներ ի վեր ծնած, ապրած եւ պետականութիւն ու մշակոյթ կերտած էր հայ ժողովուրդը:

Վարչապետը ընդգծած է, որ Սեւրի պայմանագիրը կնքուեցաւ Հայոց Մեծ եղեռնի տարիներուն յաջորդած ժամանակաշրջանին, եւ ան ճանապարհ կը հարթէր ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման համար:

«Չնայած Սեւրի պայմանագիրը այդպէս էլ կեանքի չկոչուեց, այն շարունակում է գոյութիւն ունենալ որպէս պատմական փաստ, որն արտացոլում է անկախ պետականութեան վերականգնման համար անցած մեր ուղին: Մեր պարտքն է յիշել այն, գիտակցել եւ պահպանել նրա խորհուրդը», – եզրափակած է վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment