Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախ Եկող Հայրենադարձները Պէտք Չէ Յայտնուին Կենցաղային Բարդ Իրավիճակի Մէջ

Արցախ Եկող Հայրենադարձները Պէտք Չէ Յայտնուին Կենցաղային Բարդ Իրավիճակի Մէջ

by MassisPost

Արցախը Լիբանանի ու լիբանանահայութեան կողքին է դժուար իրավիճակին։ Երէկ՝ Օգոստոս 9-ին, Արցախի_ժողովուրդէն_Լիբանանին անուանումով յատուկ թռիչքով մարդասիրական օգնութիւն տանող օդանաւը վայրէջք կատարեց Պէյրութ։ Աջակցութիւնը պարէնամթերքի տեսքով էր, նախաձեռնութեան հեղինակը՝ Արցախի կառավարութիւնը: Այս ծանր փորձութիւնը յաղթահարելու ճանապարհին, Արցախը Լիբանանի հետ է՝ նշած է Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան։

Նախագահը օրեր առաջ յայտարարած էր, որ պատրաստ են լիբանանահայ 100-150 ընտանիք ընդունելու Արցախ։ Այսօր Արցախը այդ հնարաւորութիւնը ունի՝ յայտարարած է նախագահը։ Յարութիւնեան նաեւ նշած է, որ լիբանանահայութեան օգնելու ու աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով խորհրդակցութիւնները եւ քննարկումները կը շարունակուին։

Արցախի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական՝ Դաւիթ Պապայեան «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ըսաւ թէ այս փուլին շատ կարեւոր է ինչ որ ձեւով մարդասիրական օգնութիւնը տեղ հասցնել։ «Շատ կարեւոր է, որ մեր պարկեշտ ներդրումն ունենանք այդ գործընթացում։ Մեր հայրենակիցները իրօք շատ են տուժել։ Լիբանանը յայտնուել է շատ ծանր իրավիճակում։ Հետեւաբար այս պահին շեշտը դրուում է նրանց մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու վրայ։ Դա նաեւ բարոյական օգնութիւն է, քանի որ մեր հայրենակիցները քաջալերուում են, գօտեպնդուում։ Իրենք չեն զգում իրենց լքուած, ընդհակառակը՝ զգում են, որ ամբողջ հայութիւնը, Հայաստանը, Արցախը իրենց կողքին են, իրենց հոգսերը պահում են ուշադրութեան կեդրոնում»,- ըսաւ Դաւիթ Պապայեան։

Խօսելով հայրենադարձութեան մասին՝ Պապայեան նշեց, որ Արցախի համար այն շատ կարեւոր է եւ առաջին հերթին լուծելու է ժողովրդագրական խնդիրները։ «Երկրորդ հերթին մեր հայրենադարձները իրենց ուրոյն ներդրումը կ’ունենան Արցախի ընկերա-տնտեսական զարգացման գործում։ Լիբանանահայութիւնը, սիրիահայութիւնը, ովքեր քիչ թուով, բայց արդէն իսկ եկել են Արցախ, իրավիճակ են փոխել։ Գիւղատնտեսական տարբեր մշակոյթներ են աճեցուում, որոնք Արցախում նախկինում չեն եղել։ Նոր որակ են հաղորդել։ Սա շատ լաւ է:».- ընդգծեց Դաւիթ Պապայեան։

Ըստ Պապայեանի՝ հայրենադարձութեան ծրագիրները կը պահանջեն ժամանակ, ներդրում, մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն։ Պէտք չէ այնպէս ըլլայ, որ մարդիկ գան Արցախ ու յայտնուին իրավիճակի մը մէջ, ուր կենցաղային պայմանները բարդ են ու դժուար, ըսած է Պապայեան.- «Նման բան չպէտք է թոյլ տանք։ Սա այն գործընթացն է, որը մենք պէտք է իրականացնենք շատ յամառօրէն, ճիշդ ձեւով։ Յանկարծ չստացուի այնպէս, որ մարդիկ գան ու տեսնեն, որ այլ իրավիճակ է։ Պետութիւնը, կառավարութիւնը կը մշակի ծրագրեր։ Բայց պէտք է հասկանանք, որ ժամանակ է պահանջում։ Մինչեւ իրենք գան, տեղաւորուեն, աշխատանքի հարց լուծուի, այդ ամէն ինչը պէտք է պատրաստ լինի։ Լաւ մշակուած ծրագիր պէտք է լինի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment