Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Մէկ Օրուայ Մէջ Հաստատուած Է «Քորոնա» Ժահրի 239 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ Մէկ Օրուայ Մէջ Հաստատուած Է «Քորոնա» Ժահրի 239 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերը աճած են 239-ով՝ հասնելով 37629-ի։ Նախօրէին կատարուած է 1061 հետազօտութիւն։ Ըստ առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեանին՝ դիմումները նուազած են։

«Տարրալուծարանները պատրաստ են ընդունել հետազօտութիւններ, նաեւ մենք մինչեւ 2000-2500 հետազօտութիւններ կարողանում ենք անել, բայց դիմելիութիւնը փոքր-ինչ նուազել է: Դա էլ է պատճառներից մէկը, որ հետազօտութիւնների թիւը աւելի քիչ է կազմում», – ըսաւ Նիկողոսեան:

Արդեօք վարակուածութեան նուազում կը նկատուի՞, նախարարի մամլոյ խօսնակը ըսաւ, նման միտում կայ, սակայն չի բացառուիր նաեւ հակառակը՝ այսինքն թիւերու աճը. «Շատ չնչին տոկոսներով, հաստատուած դէպքերու առումով եթէ յարաբերակցութիւնը հաշուում ենք, օրինակ` նախորդ ամսուայ հետ համեմատած, բաւականին նուազում կայ, բայց այս պահին որեւէ դրական ձեւով պէտք չէ դրան նայել, այսինքն՝ թուերը կարող են փոխուել»:

Նուազած է նաեւ այս պահուն հիւանդանոցներուն եւ տան մէջ բուժում ստացողներուն թիւը՝ հասնելով 9330-ի։ Երէկ՝ Յուլիս 27-ին գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 8 դէպք, ընդհանուր մահուան դէպքերը Մարտ 1-էն մինչեւ օրս հասած են 719-ի։ Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան եւս երկու դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակը, սակայն անոնք այլ պատճառով մահացած են ։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 223 է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment