Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թշնամին Գրոհած է «Անվախ Դիրք»ի Ուղղութեամբ ու Հարուած Ստանալով Ետ Մղուած

Թշնամին Գրոհած է «Անվախ Դիրք»ի Ուղղութեամբ ու Հարուած Ստանալով Ետ Մղուած

by MassisPost

Ըստ  երեւոյթին Ատրպէյճան չէ  գոհացած  Տաւուշեան  սահմանին  իր կրած   պարտութիւններով եւ   կը    շարունակէ   նոր սադրանքներ կազմակերպելու իր    ստոր մօտեցումները։

Երեքշաբթի ուշ երեկոյեան պարզ դարձաւ, որ Ատրպէյճանեան մասնայատուկ ուժեր  գրոհ մը կազմակերպած են  Տաւուշի «Անվախ   դիրք»  անունով յայտնի սահմանապահ  դիրքին ուղղութեամբ։

Այս  մասին գրառած է ՀՀ ՊՆ-ի   նախկին մամլոյ   խօսնակ եւ  ռազմական փորձագէտ՝  Արծրուն Յովհաննիսեան։

Յովհաննիսեան նաեւ   նշած  է, որ   թշնամին  ունի  բազմաթիւ  կորուստներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment