Օրերս Պոլսոյ Հայոց պատրիարք՝ Սահակ երկրորդ Մաշալեանը ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ըրած է, Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն վերաբերեալ:
Անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեփ Էրտողան օրակարգ դրած էր Սուրբ Սոֆիայի (Այա Սոֆիա) տաճարը, որպէս մզկիթ վերաբանալու հարցը: Բիւզանդական նշանաւոր կոթողը 1934 թուականին թրքական կառավարութեան որոշումով՝ թանգարանի կարգավիճակ ստացած էր: Այս որոշումը չեղեալ համարուելու եւ տաճարին կրկին մզկիթի կարգավիճակ տալու հարցը պիտի քննարկուի Յուլիս 2-ին, Թուրքիոյ պետական խորհուրդի նիստին:
Արքեպիսկոպոս Մաշալեան թեմայի շուրջ թիւիթըրեան իր էջին վրայ գրած է, թէ կողմ է, որ Սուրբ Սոֆիան կրկին դռները բանայ հաւատացեալներուն առջեւ: Իր կարծիքով, տաճարը բաւական մեծ է, եւ մէկ մասն ալ կարելի է յատկացնել քրիստոնեաներուն: «Այսպիսով, Սուրբ Սոֆիան կը դառնայ դարաշրջանի եւ մարդկութեան խաղաղութեան խորհրդանիշ», – գրած է Սահակ երկրորդը:
Պատրիարքի խօսքով՝ հազարաւոր բանուորներու աշխատանքով եւ հարստութիւն ծախսելով կառուցուած, աւելի քան 1500 տարուայ ընթացքին պարբերաբար վերանորոգուած տաճարը, մինչ օրս պահպանուած է, որպէսզի պաշտամունքի վայր ըլլայ եւ ոչ թէ թանգարան: «Արդեօ՞ք շատ ուտոպիական կը հնչէ: Չէ՞ որ բոլորս միեւնոյն երկնային գմբեթի տակ կ’ընենք մեր աղօթքը: Սուրբ Սոֆիայի գմբեթն ալ կրնանք կիսել: Թէկուզ տարբեր դաւանանքներ ունինք, մի՞թէ մէկ Աստծուն չենք պաշտեր», – գրած է Մաշալեան Պատրիարք, համոզմունք յայտնելով, որ «խաչի եւ կիսալուսինի նոր հակամարտութեան շքեղութիւն այլեւս չենք կրնար թոյլ տալ եւ աշխարհի փրկութիւնը խաչի ու կիսալուսինի միութիւնն է»:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի այս գրառումը հակասական արձագանքներու տեղիք տուած է:
Մեր կարծիքն այն է, որ մենք կառավարման համակարգի փոփոխութիւն պէտք չէ ընենք. Փաշինեան
Մեր կարծիքն այն է, որ մենք կառավարման համակարգի փոփոխութիւն պէտք չէ ընենք: Այս մասին այսօր՝ Յունիս 15-ին, Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի նիստի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Խորհրդարանական կառավարման համակարգը դեռ պէտք է ՀՀ-ում կայանայ: Նաեւ պէտք է հասկանանք, թէ ինչ նկատի ունենք խորհրդարանական կառավարման համակարգ ասելով: Այն, ինչ հիմա ունենք, արդեօք լիարժէք խորհրդարանական կառավարման համակարգ ենք համարում: Խորհրդարանական վերահսկողութեան գործելակերպերն արդեօք բաւարար չափով զարգացած են»:
Սահմանադրութեան մէջ կայուն մեծամասնութեան առկայութեան հարցը իրականութեան մէջ ունի 2 երես, նիստի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Մի կողմից՝ սա հնարաւորութիւն է ստեղծում ընդդիմութեան համար աւելի լայն ներկայացուածութիւն ունենալ խորհրդարանում, բայց, միւս կողմից, պէտք է հաշուի առնել նաեւ այն քննադատութիւնը, որ կայուն մեծամասնութեան ինսթիթութը որոշակիօրէն ձեւափոխում է ընտրողների կամքի ուղիղ արտայայտութիւնը խորհրդարանական տեղերի բաշխուածութեան վրայ:
Միւս կողմից՝ այսօր մենք տեսնում ենք բազմաթիւ երկրներում, երբ ընտրողների կամքի ուղիղ արտայայտութիւնը հնարաւորութիւն չի տալիս ձեւաւորել մեծամասնութիւն, եւ երկրներն ստիպուած են լինում գնալ նոր արտահերթ ընտրութիւնների, ընդ որում՝ նախապէս իմանալով, որ մէկ կամ մէկուկէս կամ երկու ամիս անց դժուար թէ ընտրողների կամքում որեւէ էական փոփոխութիւններ տեղի ունենան:
Այսօր տեսնում ենք՝ աշխարհում կան դէպքեր, երբ ընտրութիւնները չեն բերում խորհրդարանական մեծամասնութեան ձեւաւորման, տեղի է ունենում արտահերթ ընտրութիւն, որը գրեթէ ճշգրտօրէն արտայայտում է նախորդ ընտրութիւնների արդիւնքները, եւ որն էլի անհրաժեշտութիւն է առաջ բերում նոր ընտրութիւններ անցկացնելու, կամ էլ ձեւաւորուում է փոքրամասնութեան կառավարութիւն, որն իր գործունէութեան մէջ, ըստ էութեան, կրում է նոր ընտրութիւններ անցկացնելու անհրաժեշտութեան քաղաքական ուղերձը:
Սա էլ քաղաքական ընտրութեան հարց է՝ մենք ուզո՞ւմ ենք հնարաւորինս շատ ընտրութիւններ լինեն մեր երկրում, թէ՞ մենք ուզում ենք, այնուամենայնիւ, որոշակի, շատ թէ քիչ կանխատեսելիութեան մակարդակում պահել այս հարցը»,- ընդգծեց վարչապետը: