Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գագիկ Ծառուկեան 8 Ժամ Հարցաքննուելէ Ետք Ազատ Արձակուեցաւ

Գագիկ Ծառուկեան 8 Ժամ Հարցաքննուելէ Ետք Ազատ Արձակուեցաւ

by MassisPost

Կիրակի օր, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան 8 ժամ տեւած հարցաքննութենէ յետոյ դուրս եկաւ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) մօտէն, առանց մանրամասնելու, թէ ինչ քրէական գործի շրջագիծէն ներս եղած է իր հետ հարցաքննութիւնը: Ան միայն կրկնեց, որ այս բոլոր գործողութիւնները քաղաքական հետապնդում են իր նկատմամբ:

«Այսօրուայ բոլոր կատարած գործողութիւնները, որը տեղի են ունեցել իմ ելոյթից յետոյ, ես բոլորը դա ընդունում եմ քաղաքական: Ես ինչ որ ասել եմ, մնացած բոլոր հարցերին կը պատասխանեմ: Կան թղթեր, սարքած թղթեր, ամէն ինչը եթէ եղել է իմ յայտարարութիւնից յետոյ, դա միայն քաղաքական եմ ես համարում: Ուրեմն քննութիւնը կատարւում ա, որը լիարժէք բոլորդ էլ տեղեակ կը լինէք, ասենք թէ կարաք դիմէք համապատասխան օրգաններին, որը ասեմ, բայց ես ասում եմ` դա ընդունում եմ քաղաքական, որովհետեւ պապուս թուի, որ թուի գործերը նայելով, ինչ-որ ասելով` ես ասում եմ` այսօր ես սեփականատէր եմ, ոչ մի կառավարման հետ գործ չունեմ, եւ բոլորը ես ընդունում եմ իմ ելոյթից յետոյ: Ելոյթից առաջ լինէր, կարար 50-50, բայց ասում եմ` իմ ելոյթից յետոյ է եղել, դա ընդունում եմ քաղաքական»,- յայտարարեց ԲՀԿ ղեկավարը:

Յիշեցնենք որ, վերջերս Գագիկ Ծառուկեան ելոյթ ունենալով իր կուսակիցներուն առջեւ, պահանջած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ կառավարութեան հրաժարականը:

ԱԱԾ-ն այսօր առաւօտեան խուզարկութիւն իրականացուցած էր ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի առանձնատունը: Այնուհետեւ Ծառուկեան իր տան դիմաց հաւաքուածներուն յայտարարեց, թէ իր նկատմամբ քաղաքական ճնշման փորձ է կը կատարուի, եւ որ «ամէն ինչ սարքած էՙ» աւելցնելով, որ ինքը կը մեկնի հարցաքննութեան:

ԱԱԾ դիմաց եւս հաւաքուած էին ԲՀԿ-ական պատգամաւորները եւ Ծառուկեանի աջակիցներ: ԲՀԿ-ականները կը յայտնէին, որ թոյլ չեն տար իրենց լռեցնել:

Ոստիկաններու օրինական պահանջը չկատարելու համար 100-է աւելի քաղաքացի բերման ենթարկուեցան եւ ապա ազատ արձակուեցան:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան այսօր տարածած առաջին հաղորդագրութեան համաձայն` Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Շանգրի Լա» եւ «Օնիրա Քլաբ» ընկերութիւններու ապօրինի գործունէութեան հետեւանքով պետութեան հասցուած է աւելի քան 29 միլիարդ դրամի վնաս (Մօտ 60 միլիոն տոլար): Երկրորդ հաղորդագրութեամբ, ԱԱԾ կը յայտնէր որ, բացայայտուած են ԲՀԿ անդամներու կողմէ ընտրողներուն կաշառելու հարիւրաւոր դէպքեր 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ:

Երրորդ հաղորդագրութիւնը կու գար յայտնելու, որ Առինջ համայնքի պաշտօնեաները ապօրինի վարձակալութեամբ տրամադրուած 7.5 հա գիւղատնտեսական հողատարածքի վրայ ապօրինի կառոյցները օրինականացուցած են, եւ յետոյ այդ հողատարածքը ապօրինի կերպով վաճառած՝ Ծառուկեանին պատկանող «ֆիրմա Նիւ» ընկերութեան: Ըստ ԱԱԾ-ի, այս ապօրինութեան հետեւանքով համայնքի պիւտճէ չի մուտքագրուած աւելի քան 370 միլիոն դրամ:

Նախապէս մի քանի քրէական գործ յարուցուած էր Ծառուկեանի մտերիմներէն եւ իր «Մուլտի Կրուպ» ընկերութեան կառավարիչ Սեդրակ Առուստամեանի նկատմամբ: Ան կը մեղադրուի 22 միլիոն դոլար կաշառք փոխանցելու մէջ, Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանին, որպէսզի իրենց գործերը զերծ մնան հարկային միջամտութիւններէ եւ ստուգումներէ:

Առուստամեան կը պնդէ որ, 22 միլիոն տոլարը կաշառք չէր, այլ՝ պարտք: Սակայն տասը տարի ետք, այդ «պարտքը» տակաւին չէ վերադարձուած: Առուստամեանի նկատմամբ միւս քրական գործը կը վերաբերի «հիւսիս-հարաւ» ճանապարհի շինարարութեան ժամանակ տեղի ունեցած ապօրինութիւններուն: Երրորդը՝ Երեւանի կենտրոնը գտնուող «Մուլտի Կրուպ»-ի ձեռնարկած շինարարութեան:

Սեդրակ Առուստամեան Ապրիլէն ի վեր կալանաւորուած է: Այս եւ այլ գործերով կալանաւորուած է նաեւ Գագիկ Խաչատրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment