Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայէն Բժիշկներ Ժամանած են Հայաստան եւ Աշխատանքի Անցած Երեք Հիւանդանոցներու Մէջ

Ֆրանսայէն Բժիշկներ Ժամանած են Հայաստան եւ Աշխատանքի Անցած Երեք Հիւանդանոցներու Մէջ

by MassisPost

Ֆրանսայէն Յունիս 14-ին, բժիշկներ ժամանած են Հայաստան եւ արդէն անցած են աշխատանքի երեք բժշկական կեդրոններու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ, կը յայտնէ առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան:

«Երէկ Ֆրանսայէն ժամանած մեր բժիշկ գործընկերները արդէն իսկ անցել են աշխատանքի Քովիդով զբաղուով 3 խոշոր ԲԿ-ների վերակենդանացման բաժանմունքներում` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ԲԿ, Սուրբ Աստուածամայր ԲԿ եւ վնասուածքաբանութեան եւ ոսկրային կեդրոն: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում մեր բոլոր գործընկերներին նրանց այցը կազմակերպելու համար, այն իրապէս օգտակար է լինելու մեր համար», – գրած է Թորոսեան Ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

french-doctors-3

Ուրբաթ օր, նախարարը յայտնած էր, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին, Հայաստանին օգնելու նպատակով յատուկ չուերթով Ֆրանսայէն 10 բժիշկ պիտի ժամանէ Երեւան, հաւանաբար այս շաբաթ նաեւ Լիթուանիայէն բժիշկներու եւ փորձագէտներու խումբ մը կը ժամանէ եւ Ռուսաստանէն մօտ 50 բժիշկ եւս ցանկացած է գալ եւ աշխատիլ այստեղ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment