Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արթուր Վանեցեան Յատուկ Քննչական Ծառայութիւն Հրաւիրուած է Միքայէլ Մինասեանի Յայտարարութեան Կապակցութեամբ

Արթուր Վանեցեան Յատուկ Քննչական Ծառայութիւն Հրաւիրուած է Միքայէլ Մինասեանի Յայտարարութեան Կապակցութեամբ

by MassisPost

Արթուր Վանեցեան ՅՔԾ հրաւիրուած է, Սուրբ Աթոռի մօտ նախկին դեսպան՝ Միքայէլ Մինասեանի յայտարարութեան կապակցութեամբ։ Այս մասին ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրառում ըրած է Վանեցեանի ներկայացուցիչ՝ Լուսինէ Սահակեան։

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութիւնում նիւթեր են նախապատրաստուում Միքայէլ Մինասեանի կողմից վերջերս արուած յայտարարութեան հետ կապուած։

Այսօր նիւթերի նախապատրաստութեան շրջանակներում ՅՔԾ է հրաւիրուած եղել Արթուր Վանեցեանը։ Ընթանում է իրաւական գործընթաց, որի վերաբերեալ յաւելեալ մեկնաբանութիւններից զերծ ենք մնում»։

NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին, Արթուր Վանեցեանի փաստաբան Լուսինէ Սահակեան հաստատեց, որ Վանեցեան ՅՔԾ շատ կարճ մնացած է եւ արդէն դուրս եկած։

Նշենք, որ Սուրբ Աթոռի մօտ նախկին դեսպան՝ Միքայէլ Մինասեան յայտարարած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի միջոցով իրեն գործարք առաջարկած է, որ իր դէմ քրէական հետապնդումը կը դադրի, եթէ վերջինը համաձայնի խորհրդանշական գումար փոխանցել ինչ–որ հիմնադրամի եւ քաղաքականութեամբ չզբաղի։ Միքայէլ Մինասեանի համաձայն՝ ինք այդ գործարքի առաջարկը մերժած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment