Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Արցախի Հիմնախնդիրի Հետ Կապուած Մտահոգութիւն Չունիմ».Կայացաւ Մարուքեան-Փաշինեան Հանդիպում

«Արցախի Հիմնախնդիրի Հետ Կապուած Մտահոգութիւն Չունիմ».Կայացաւ Մարուքեան-Փաշինեան Հանդիպում

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 7-ին, Ազգային ժողովի մէջ հանդիպում ունեցած է «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանի հետ, վերջինիս նախաձեռնութեամբ։

Հանդիպման աւարտին վարչապետը հրաժարեցաւ լրագրողներուն հարցերուն պատասխանելէ․ – «Ես ներողութիւն եմ խնդրում, ես հարցերին չեմ պատասխանում»։

Վարչապետին հետ հանդիպելէ յետոյ, ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը ըսաւ, թէ Արցախի հիմնախնդիրի վերաբերեալ շահարկուող մտահոգութիւնները փարատած են։

Ներքին քաղաքական որեւէ հարցի, անդրադարձ չէ եղած, հաւաստիացուց Մարուքեան։ Իսկ իշխանական «Իմ քայլի» եւ ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստանի» միջեւ առճակատումները վերջին շրջանին բաւականաչափ էին։ Յիշեցնենք աղմկայարոյց լեզուակռիւը Ալեն Սիմոնեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի միջեւ, փոխադարձ վիրաւորանքներով։

«Էն բոլոր յայտարարութիւնները, որոնք հրապարակային արուում են, դրանից դուրս որեւէ բան չկայ», – լրագրողներուն ըսաւ ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը։ – «Արցախի հարցը էն հարցն ա, որ բոլորս էս առումով համախմբուած ենք։ Էս մասով տարաձայնութեան հարց չկայ։ Էրեկուայ հարցուպատասխանի ժամանակ նաեւ արուած յայտարարութիւնը հայ ժողովրդի ցանկութիւնների հետ կապուած, Արցախի ինքնորոշման, կարգավիճակի եւ այլնի հետ կապուած։ Ժամանակ առ ժամանակ, կարծում եմ, կարիք կայ նման քննարկումներ ունենալու, նման ճշտումներ ունենալու։ Կարճ կարող եմ ասել, որ ինձ համար Արցախի հիմնախնդրով այս պահին, էն էղած շահարկումները, որոնք կան, դրանք բոլորը ինձ համար եւ՛ ի սկզբանէ փարատուած էին, եւ՛ հիմա էլ առաւել եւս փարատուած են․․․ Մանրամասն խօսել ենք»։

«Ազատութեան» հարցումին, թէ արդեօք վարչապետը ըսած է, որ փուլային տարբերակ չկայ սեղանին դրուած, Մարուքեան արձագանգեց․ – «Ինչ որ ասեց, բնականաբար, եթէ հրապարակային յայտարարութիւններից դուրս գալու լինենք, դուրս կու գանք։ Հրապարակային ինչ որ ասում եմ, սա էր։ Էս պահին ես մտահոգութիւն չունեմ Արցախի հիմնախնդրի հետ կապուած առ այն, ինչ որ Հայաստանում անդադար շահարկուում է»։

«Թող մեզ ոչ ոք չասի ինչ ենք բանակցում, ինչ պէտք է, բանակցում ենք», – Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարած էր Փաշինեան, աւելցնելով, որ խօսքը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման մասին է։

Քննադատութիւնը՝ ղարաբաղեան հարցով գլխաւոր բանակցող Փաշինեանի հասցէին սաստկացաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութենէն յետոյ, թէ ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման քննարկումներու հիմքը փուլային սկզբունքներն են։ Ընդ որում, առաջին փուլին, ըստ Սերկէյ Լաւրովի, պէտք է ազատագրուին Ղարաբաղի շուրջ շարք մը շրջաններ։

Պաշտօնական Երեւանը շտապեց հերքելու, թէ 2015-էն ի վեր Հայաստանը չի վարեր բանակցութիւններ, որոնք հիմնուած են փուլային կարգաւորումներու վրայ։

Երէկ, Ըստ Էտմոն Մարուքեանին, արտաքին գործոց նախարարը զրոյցի հրաւիրուած է, եւ Զոհրապ Մնացականեանին վկայակոչելով ալ ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստանի» ղեկավարը յայտարարեց․ – «Որեւէ փաստաթուղթ չի բանակցուում։ Ես տենց գիտեմ, որ չկայ։ Ես հաւատում եմ Զոհրապ Մնացականեանին։ Լաւրովը ինչ որ ասել ա․․․ կը մնեկնաբանի եւ մեկնաբանել ա մեր նախարարութիւնը»։

Արցախեան հիմնախնդիրը, Մարուքեանի կարծիքին համաձայն, լուծումէ հեռու է․ – «Եթէ ինչ-որ որոշում կը լինի, կու գան խորհրդարանը, էդպէս յայտարարուեց, Արցախ․․․ եւ նաեւ կը սկսեն հրապարակային քննարկումներ։ Ես կարծում եմ, որ դրան մենք դեռ շատ, շատ, շատ երկար սպասելու ենք։ Որովհետեւ էդպիսի որոշման յանգել, որ բոլոր երեք կողմերին էլ բաւարարի, եւ բոլորը համակարծիք լինեն, դա․․․ չգիտեմ ինչքան ժամանակուայ խօսակցութիւն ա»։

Վարչապետը, երկրորդը օրը Ազգային ժողովին կը մասնակցէր Կառավարութեան ծրագիրի կատարողականի քննարկումներուն։ Իր եւ Մարուքեանի հանդիպումը ընդդիմադիր պատգամաւորին սենեակը տեղի ունեցած է, սեղանին վրայ սուրճ եղած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment