Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Թրամփը, Հայազգի Փաթրիք Յովակիմեանը Առաջադրած է ԱՄՆ-ի Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Գրասենեակի Գլխաւոր Խորհրդականի Պաշտօնին

Թրամփը, Հայազգի Փաթրիք Յովակիմեանը Առաջադրած է ԱՄՆ-ի Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Գրասենեակի Գլխաւոր Խորհրդականի Պաշտօնին

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Տոնալտ Թրամփը առաջադրած է հայ Փաթրիք Յովակիմեանը ԱՄՆ-ի Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի գրասենեակի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնին։ Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի պաշտօնն ու գրասենեակը ստեղծուած են 2004 թուականին, Ճորճ Պուշ-կրտսերի նախագահութեան օրօք։

Տնօրէնը, ըստ էութեան, կը համակարգէ, ամերիկեան հետախուզական եւ հակահետախուզական 16 գործակալութիւններու աշխատանքը եւ կը համարուի անոնց ղեկավարը։ Այդ գործակալութիւններու կարգին կը դասուին Կեդրոնական հետախուզական գործակալութիւնը՝ CIA, կամ Պաշտպանական նախարարութեան հետախուզական գործակալութիւնը՝ DIA-ը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի գրասենեակի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնին համար Փաթրիք Յովակիմեանի նշանակումը դեռ պէտք է հաստատուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի կողմէն։ Գլխաւոր խորհրդականի խնդիրը, իրաւական հարցերով խորհրդատուութեան տրամադրումն է Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի գրասենեակին, վստահ ըլլալու համար, որ գրասենեակի ենթակայութեան ներքոյ գործող պաշտօնեաներու աշխատանքը համահունչ է ամերիկեան օրէնքներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment