Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մայր Աթոռը Կը Յորդորէ Ինքնամեկուսացման Կանոնները Պահելով Այցելել Եկեղեցիներ եւ Ստանալ Սուրբ Հաղորդութիւն

Մայր Աթոռը Կը Յորդորէ Ինքնամեկուսացման Կանոնները Պահելով Այցելել Եկեղեցիներ եւ Ստանալ Սուրբ Հաղորդութիւն

by MassisPost

Ի լրումն համավարակի առնչութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական յորդորին, այսու կը տեղեկացնենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդին, որ, առկայ իրավիճակով պայմանաւորուած, որոշում կայացուած է շարունակել Աւագ շաբաթուայ արարողութիւնները եւ Սուրբ Պատարագները կատարել դռնփակ, առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Այս մասին յայտնած են Մայր Աթոռէն:

Յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը յորդորէ հաւատացեալները պահքը լուծեն 11 ապրիլի Ճրագալոյցի Ս․ Պատարագէն յետոյ, եւ, առաւելագոյն պատասխանատուութեամբ պահպանելով ինքնամեկուսացման սահմանուած կանոնները, յաջորդ օրերուն առանձնաբար այցելել եկեղեցիները եւ հոգեւոր հովիւներէն ստանալ Սուրբ Հաղորդութիւն։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ թելադրուած է սփիւռքի թեմերու առաջնորդներուն, գործել ըստ իրենց երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակին։ Հոգեւոր հովիւները առողջապահական բոլոր կանոններու գործադրութեամբ կը շարունակեն հասանելի միջոցներով իրենց հոգեխնամ առաքելութիւնը կատարել ի մխիթարութիւն մեր հաւատաւոր ժողովուրդին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment