Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Փաթեթներ կը Մշակէ Վարակի Պատճառով Գործազուրկ Դարձած Մարդոց ու Տուժած Ընկերութիւններու Համար

Կառավարութիւնը Փաթեթներ կը Մշակէ Վարակի Պատճառով Գործազուրկ Դարձած Մարդոց ու Տուժած Ընկերութիւններու Համար

by MassisPost

Կառավարութիւնը ընկերային աջակցութեան փաթեթ կը մշակէ այն քաղաքացիներուն համար, որոնք «Քորոնա» ժահրի պատճառով գործազուրկ կը դառնան, այս մասին ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով 22 մարտի երեկոյեան յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Ըստ էութեան կը լինի գործող «փարոս» համակարգի ենթաճիւղերից մէկը, որ նախատեսուած կը լինի գործազուրկ դարձած քաղաքացիների համար», – նշեց վարչապետը:

Կը պատրաստուի նաեւ փաթեթ, որմով կը նախատեսուի արտօնեալ պայմաններով վարկեր տրամադրել այն ընկերութիւններուն, որոնք իրենց աշխատակիցներուն աշխատավարձեր տալու, հարկեր վճարելու, արտադրութիւն կազմակերպելու, ռազմավարական ներդրումներ ընելու համար աջակցութեան կարիք կ’ունենան. – «Նրբութիւնն այն է, որ տնտեսական ճգնաժամի պայմաններում եւ «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամի պայմաններում դրամատնային համակարգը կարող է այդքան էլ հակուած չլինել վարկային միջոցներ տրամադրել, որովհետեւ դրանք կը համարուեն ռիսկային: Այդ խնդիրը լուծելու համար մենք որոշել ենք, որ կառավարութիւնն ինքը տարբեր նախագծերում 30 տոկոսից մինչեւ 50-60 տոկոս մասնակցութիւն կ’ունենայ այդ ֆինանսաւորման գործընթացին»:

Անկախ «Քորոնա» ժահրի պատճառով աշխարհի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, վարչապետը վստահ է, որ գիւղմթերքի պահանջը չնուազիր, ուստի կարեւոր է գարնանային այս շրջանին գիւղատնտեսներուն աջակցիլ. – «Որպէսզի մեր գիւղատնտեսական աշխատանքները ոչ միայն ամբողջ ծաւալով իրականացուեն, այլեւ նորանոր ներդրումներ արուեն գիւղատնտեսութեան ոլորտում, եւ նորանոր մարդիկ սկսեն զբաղուել գիւղատնտեսութեամբ»:

Այդ նպատակով կառավարութիւնը կը պատրաստուի զէրոյացնել գիւղատնտեսութեան զարգացման բոլոր ծրագրերով տրամադրուող վարկերու տոկոսները. – «Կաթիլային ոռոգում, խելացի անասնագոմեր, այգիների տնկում, այգիների հիմնում, ջերմոցային տնտեսութիւններ, եւ մենք այս ճգնաժամի համատեքստում եւս 1-2 ծրագիր կ’աւելացնենք»:

Վարչապետը ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամի պայմաններուն մէջ գիւղատնտեսութիւնը կը դառնայ ամենակարեւոր եւ հետաքրքիր ոլորտներէն մէկը: «Միշտ էլ հետաքրքիր է եղել, բայց նոր պայմաններում գիւղատնտեսութեան կարեւորութիւնը ընդգծուում է մի քանի պատճառներով. առաջինը՝ պարենային անվտանգութեան խնդիրները հիմա առաւել հրատապութիւն եւ կարեւորութիւն են ստանում եւ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնում, այլեւ ողջ աշխարհում, երկրորդ՝ գիւղատնտեսութիւնը այն ոլորտն է, որտեղ ընկերային հեռաւորութիւն պահպանելու առաւել նախընտրելի եւ ազդեցիկ հնարաւորութիւններ կան, երրորդը՝ մենք տեսնում ենք, որ Հայաստանում գիւղատնտեսութեան ոլորտում նոր աշխատատեղեր ձեւաւորելու եւ ինքնազբաղուածութիւն ապահովելու լայն հնարաւորութիւններ կան», – ըսաւ վարչապետը:

Ընդհանուր առմամբ յառաջիկային կառավարութիւնը աւելի քան 300 միլիոն տոլարի աջակցութիւն կը ներարկէ տնտեսութեան մէջ, տարբեր օգնութիւններու ձեւով։

Ելեւմուտքի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ կը մտածէին, որ աջակցութեան տրամադրման առաջնահերթութիւնը պիտի որոշուի ըստ տնտեսութեան ոլորտներուն։ Եւ նկատի առնելով, որ ներկայիս իրավիճակը կ’առնչուի տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն հետ կառավարութիւնը որոշած է օգնութեան առաջին բաղադրիչը ուղղել կազմակերպութիւններու ֆինանսական դժուարութիւնները յաղթահարելուն։

«Հիմնական առանձնայատկութիւնն այն է, որ ֆինանսական միջոցներ հասանելի կը դառնան այն կազմակերպութիւններուն, որոնք այս ժամանակաւոր ֆինանսական դժուարութիւնները կը յաղթահարեն կառավարութեան աջակցութեամբ», – նշեց Խաչատրեանը:

Ըստ նախարարին եթէ գործերը  լաւ հիմնաւորուին, կառավարութիւնը կ’ընէ ամէն ինչ առկայ խնդիրներու լուծելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment