Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 22 Լրատուամիջոցներ Ոստիկանութիւնը Յորդորած Է, Որ Զեղչեն Հրապարակումը

22 Լրատուամիջոցներ Ոստիկանութիւնը Յորդորած Է, Որ Զեղչեն Հրապարակումը

by MassisPost

Արտակարգ դրութիւն յայտարարուելէ յետոյ, մօտ 22 լրատուամիջոցներ, ոստիկանութիւնը յորդորած է, որ զեղչեն հրապարակումը, խուճապ յառաջացնող տեղեկութիւն պարունակելու հիմքով: Այս մասին կառավարութեան հրաւիրած ասուլիսին ըսաւ Ոստիկանութեան պետի տեղակալ Հայկ Մհրեան:

«22 լրատուամիջոցների հետ մեր ստորաբաժանումներն աշխատել են, յորդորել են, որպէսզի մասնաւորապէս պարետի ցուցումներին հակասող եւ պաշտօնական տեղեկատուութեանը չհամապատասխանող տեղեկատուութիւնները հեռացուեն»,- ըսաւ փոխ ոստիկանապետը:

Հարցին, թէ ո՞վ կ’որոշէ ո՞ր տեղեկութիւնը խուճապ կը յառաջացնէ, Մհրեան պատասխանեց. «Մենք ունենք համապատասխան մասնագէտներ, ովքեր այդ տեղեկատուութիւնը մանրակրկիտ ուսումնասիրում են: Եւ խուճապ առաջացնող տեղեկատուութիւն պարունակելու դէպքում անմիջապէս արձագանքում են՝ յենուելով պարետի ցուցումի վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment